Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքին ծառայելու առաքելութեամբ՝ 110 տարի առաջ ճամբայ ելած «Ասպարէզ»ը, այսօր, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընձեռած ու, ձեւով մը, պարտադրած պայմաններուն տակ՝ ընդարձակած է իր հասողութեան դաշտը, հաղորդակցելով իր սահմաններէն դուրս ընթերցողներու, օրէ օր աճող, զանգուածի մը հետ:
Թերթի յոբելենական 110րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտը, առաւել քան 200,000 տոլար աննախընթաց նուիրատուութիւնները ժամանակաւոր ոգեւորութիւն ստեղծելէ անդին, մեզ կը պարտաւորեցնեն առաւել լարումով աշխատելու ու այս հանգրուանը դարձնելու մեկնակէտ՝ առաւել ընդգրկուն կերպով շարունակելու մեր աշխատանքները:

Ձեռնարկի նախապատրաստական շրջանին, խմբագրութիւնը դիմած էր շրջանիս յայտնի բարերարներու, որ այս առթիւ թերթին յատուկ վերաբերում ցոյց տան: Եւ տուին՝ գերազանցելով մեր ակնկալութիւնները: Պէտք է այստեղ յիշենք մեր գլխաւոր հովանաւորները՝ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները (այս զոյգը ստանձնեց ձեռնարկին ամբողջ ծախսերը եւ աւելին՝ գլխաւոր հովանաւորի կարգավիճակը գերազանցելով եւ մեզի պարտադրելով նոր կարգավիճակի տիտղոս փնտռել), գլխաւոր հովանաւորներ Հէրի եւ Շերիլ Նաճարեանները, Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները, Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեանները, Նազարէթ Գեւոնեանը, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը, Կարպիս եւ Այտա Պէզճեանները, Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուքեանները, Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեանները, Չարլի եւ Ճիւլիա Ղայիլեանները եւ Մայք Սարեանը:
Պէտք է յիշենք նաեւ, որ 5000 տոլար նուիրելով՝ մեր ձեռնարկի յաջողութեան նպաստեցին տիկին Ալիս Նաւասարգեան, Կարպիս եւ Լոռիկ Թիթիզեաններ, Լեւոն եւ Սիլվա Կիրակոսեաններ եւ մեզմէ յաւերժ հեռացած Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու յիշատակը յիշող իրենց զաւակները:
Պէտք է յիշենք շատ շատերը, որոնց անունները հրատարակած ենք Հոկտեմբեր 20ի մեր յատուկ թիւին մէջ:
Պէտք է յիշենք Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, որ մեր գրեթէ բոլոր յոբելենական ճաշկերոյթներուն համար մեզի տրամադրած է իր շատ յարմարաւէտ «Բաղրամեան» սրահը:
Պէտք է յիշենք նաեւ տարուան ընթացքին, այլ առիթներու կամ պարզապէս առանց առիթի մեզի՝ մեր հազարաւոր բարեկամներու կողմէ փոխանցուած նեցուկը, բարոյական զօրակցութիւնը եւ նիւթական օժանդակութիւնը:
Շնորհակալ ենք:

Ձեռնարկին յաջողութեան յատուկ փայլք տուին այդ օր մեծարուողները, մեզի իրենց ներկայութեամբ պատուեցին շրջանիս հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչները, համագաղութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները:
Ձեռնարկին յատուկ շուք տուին մեր երկու պատգամախօսները՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը փոխանցող դոկտ. Ռազիկ Շիրինեան եւ օրուան գլխաւոր բանախօս, վաստակաւոր խմբագիր, հրապարակագիր, մտաւորական Նազարէթ Պէրպէրեան, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի խօսքը փոխանցող Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Թերթիս անգլերէն բաժինի խմբագիրը յայտարարեց մեր յանձնառութիւնները եւ փոխանցեց շնորհակալական խօսքերը:
Յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեան:
Երաժշտական բաժինը հարստացուց երգիչ Վարդանը:
Համազգայինի՝ միշտ թարմացած, միշտ երիտասարդացող «Անի» պարախումբը հրաշալի կատարումներով հմայեց մեզ:
( Click on left or right arrows to activate gallery)