ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ապրանքներու տեղափոխումով եւ մաքսազերծումով զբաղող «Սպարտակ Մուրադեան Թրէյդինկ» ընկերութիւնը խուսափած է 119 միլիոն դրամի չափով հարկային պարտաւորութիւն կատարելէ պետական պիւտճէին:
Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէին կատարած ստուգողական աշխատանքներուն շնորհիւ պարզուած այս խախտումին պատճառով, նշեալ ընկերութեան դէմ յարուցուած է քրէական գործ:
Նախաքննութեան ընթացքին ձեռնարկուած քննչական եւ դատավարական գործողութիւններու շնորհիւ ձեռք բերուած ապացոյցներուն հիման վրայ՝ ընկերութիւնը հարկային մարմինին ներկայացուց ճշգրտուած հաշուարկ-հաշուետուութիւններ, որոնցմէ պարզուեցաւ, որ ընկերութիւնը աւելցուած արժէքի հարկին եւ շահութահարկին գծով 176 միլիոն դրամի հարկային պարտաւորութիւն ունի պետական պիւտճէին: Այդ գումարը ամբողջութեամբ վճարուեցաւ պետութեան: