Գերմանիոյ Հայոց թեմին կողմէ Քէօլն քաղաքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին մեծ պաստառին վրայ ցուցադրուած քարտէսը իրարանցում յառաջացուց թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ:
Քարտէսին վրայ Հայաստանը ներկայացուած է պատմական Հայաստանի սահմաններով, որ կը ներառէ ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները:
Թրքական աղբիւրը զայրացած է, որ գերմանացի քաղաքական շրջանակները որեւէ մեկնաբանութիւն չեն կատարած այդ քարտէսին վերաբերեալ:
Կը շեշտուի, որ քարտէսը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է համացանցի վրայ՝ թուրք օգտատէրերու կողմէ:
Նշենք, որ քարտէսին մէջ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութիւնը նոյնպէս ներառուած է Հայաստանի սահմաններուն մէջ: