«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ամերիկայի նախագահի անվտանգութեան հարցերու խոր-հրդական Ճան Պոլթընի Երեւան այցելութիւնը հասկնալիօրէն դարձած է հայկական քաղաքական միտքի ուշադրութեան կեդրոնը: Ամերիկեան բարձրաստիճան նման պաշտօնատարի մը այցելութիւնը Հայաստան եւ յատկապէս Տանըլտ Թրամփի բացայայտօրէն յայտարարուած «միայն ամերիկեան շահերով առաջնոդուելու» (Միշտ այդպէս եղած է, սակայն այստեղ կարելի է գնահատել Թրամփի անկեղծ ու հրապարակային յայտարարութիւնները այդ ուղղութեամբ) վարքագիծը կենսագործելու վճռականութիւնը, չեն կրնար չմտահոգել հաւասարակշռուած, «բազմավեկտոր» դիւանագիտութիւն վարող Հայաստանի իշխանական եւ ընդհանրապէս քաղաքական շրջանակները:
Ամերիկեան կողմը անպայման շահագրգռուած է Հայաստանը իր հակակշիռին տակ առնելով, կամ առնուազն այդ տարածաշրջանին մէջ իրեն լծակից դարձնելով, եւ Պոլթըն, պարզունակ հաշուարկներով՝ կրնայ իր այցելութենէն ետք միակողմանի գրգրիչ յայտարարութիւններով լարուածութիւն յառաջացնել տարածաշրջանային ուժերու միջեւ, որոնց շարքին Ռուսիան ու Իրանը:
Այդ գրգռիչ յայտարարութեանց շարքին է արտահերթ ընտրութիւններէն ետք, հաւանականօրէն ժողովուրդի մեծամասնութեամբ ընտրուած Ազգային ժողովը՝ թիկունքին ունենալով Նիկոլ Փաշինեանի Արցախեան հարցով զիջումներ կատարելու «կարողութիւնը»: Պոլթընի այս յայտարարութիւնը հիմք ընդունելով, արդէն Փաշինեանը ամերիկեան դրածոյ բնութագրող վերլուծումները թափ կ՛առնեն, չմոռնալով հայ ժողովուրդին հանդէպ վիրաւորական ակնարկներու ալ տեղ տալ:
Այսինքն, Փաշինեան, որ կը տիրապետէ ժողովուրդի զգացումներուն, իրեն հանդէպ եղած սէրն ու վստահութիւնը պիտի ուղղորդէ դէպի Արցախեան հարցով զիջումներու երթալու տրամադրութիւններու ուժեղացման եւ ի վերջոյ, Արցախի հարցով Աստուած գիտէ մինչեւ ուր զիջումներ կատարելու:
Եթէ Նիկոլը իշխանատենչ է, ինչո՞ւ ան իր իշխանութիւնը պիտի վտանգէ հակաժողովրդական քաղաքականութիւն վարելով համազգային վճռական դիրքորոշում վայելող Արցախի հանդէպ: Նոյնիսկ եթէ ուզէ այդ անհեթեթ քայլին դիմել, մեր ժողովուրդը այնքան միամի՞տ է, կարճատե՞ս, որ փաշինեանական, այսպէս կոչուած, կախարդանքին տակ վերածուի չտրամաբանող ու սեփական շահերուն դէմ գործող զանգուածի: Մենք կը յարգենք մեր ժողովուրդի իմաստութիւնը: Մենք ալ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերով այդ իմաստութիւնը կրողներէն ենք: Չարհամարհենք ժողովուրդը, չթերագնահատենք անոր արթնութիւնը:
Կասկած չունենաք՝ որ Նիկոլ Փաշինեանը կուռքի վերածած եւ անոր բոլոր կեցուածքներն ու արտայայտութիւնները «հալած իւղի նման» կլլող ու արդարացնող՝ ամբոխ-դարձած ժողովուրդը «տրամաբանական» եւ «ընդունելի» գտնէ Արցախեան հարցով զիջումներու երթալու «թաւշեայ յեղափոխականներ»ուն քայլերը: Արտաքին (Միլզ-Պոլթըն) ճնշումներուն դիմաց՝ Փաշինեանի համար լաւագոյն լուծումը կրնայ ըլլալ ետ կանգնիլը Ազգային Ժողովը լուծարելու գործընթացէն, որպէսզի կարենայ «խորհրդարանական ընդդիմութիւն»ը ներկայացնել որպէս արդարացում՝ դիւանագիտօրէն դուրս գալու Պոլթընեան խաղէն:
Պոլթըն կամ Ամերիկա՝ մէկ կողմէն, եւ Իսրայէլ՝ միւս կողմէն, կը ջանան միատեղ աշխատիլ Կովկասի շրջանին մէջ, ինչպէս որ «գրաւեցին» Վրաստանը, կ’ուզեն ոտնահող ունենալ իրենց պատերազմական ծրագիրներուն յաջողութեան համար: ԱՄՆը կը փափաքի պատժել Պարսկաստանը, սակայն ձեւը կամ մըջոցը չունի: Եւրոպա դէմ կեցաւ Իրանի հանդէպ պատժամիջոցներ տնօրինելու Թրամփի որոշումին: Պէտք է ձեւ մը գտնէ որ պաշարման տակ առնէ այդ երկիրը: Ազրպէյճան ու Հայաստանն են անոնք, քանի որ Թուրքիա նախապէս յայտարարեց ընդդիմութիւնը:
Իսրայէլ կը փորձէ հարուածել Իրանը եւ սակայն իր օդանաւերուն համար շատ հեռու է եւ վտանգաւոր: Լաւագոյնը պիտի ըլլար Ազրպէյճանը, Իրանի սահմանակից ըլլալուն համար: Իսրայէլ լաւ գիտէ որ Հայաստան պիտի չօգնէ այդ ծրագրին իրագործման մէջ:
Ուստի, ԱՄՆը եւ Իսրայէլ կը ջանան գետին ունենալ Իրանը լաւապէս հարուածելու համար: Ամբողջ քաղաքական խաղը այդ ծրագրին իրագործման համար է, որովհետեւ ոչ մէկ երկիր պիտի չուզէ այդ երկու բեւեռով դաշնակիցներուն խաղալիքը դառնալ: