«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հանդէպ ժողովուրդին վստահութիւնը ռազմավարական արժէք ունի: Ազգային կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ հայրենիքին, պետութեան եւ ազգին առաջ պատասխանատուութիւն ստանձնած կուսակցութիւնը չի կրնար արհամարհել ժողովուրդի վստահութենէն բխած ուժը, զոր լծակից ունենալով միայն կրնայ պատիւով գլուխ հանել իր պարտաւորութիւնները:
Այս մեկնակէտով, կուսակցութիւնը չի կրնար անտարբեր ըլլալ քուէարկութեամբ դրսեւորուած իր ժողովրդականութեան ցած մակարդակին վերաբերեալ եւ պարտաւոր է համակողմանի քննարկման եւ գնահատումի ենթարկել իր գործունէութիւնը, իր մարտավարական դիրքորոշումները:
Պէտք է գիտակցիլ, որ երբ հնչէ ազգային լուրջ մարտահրաւէր մը դիմագրաւելու պահը, երբ կարիքը պիտի զգացուի Դաշնակցութեան վճռական կեցուածքին՝ ի պաշտպանութիւն, օրինակ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, հողերու զիջման որեւէ տրամադրութիւն ճզմելու, ժողովուրդի վստահութիւնը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ՝ զօրաշարժի ենթարկելու համար լայն զանգուածները: Եթէ հաւատանք, որ ժողովուրդը ինքնաբերաբար այդպիսի պահու մը պիտի կանգնի մեր կողքին, պարզապէս որովհետեւ Արցախի ճակատագիրն է որ խնդրոյ առարկայ է, ապա նոյնքան հնարաւոր է, որ ժողովուրդը իբրեւ իր զօրակցութեան արժանի նկատէ Արցախի հարցին հանդէպ ուժեղ կեցուածք արտայայտած մէկ այլ կուսակցութեան կամ նոյնիսկ խմբակցութեան, վտանգելով Դաշնակցութեան մենաշնորհը՝ Արցախի շահերուն իբրեւ ամէնէն յուսալի երաշխաւոր:
Արցախի հարցին պաշտպանութիւնը Դաշնակցութեան միակ գործելադաշտը չէ, անշուշտ: Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, ներքին տնտեսական զարգացման, արդարութեան հաստատման, աշխատաւորներու շահերու պաշտպանութեան եւ այլ կարեւոր օրակարգեր կարիքը ունին մեր գաղափարական ուժական ներկայութեան, զոր ապահովելու համար քարոզչական գործիքներու վրայ միայն չենք կրնար վստահիլ: