Հարաւային Եգէականի մարզպետութեան նախաձեռնութեամբ՝ հայկական եւ պոնտական երգերու նուիրուած ճոխ երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ Ռոտոս կղզիին մէջ (Յունաստան), Համազգայինի Ռոտոս կղզիի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին մասնակցութեամբ ու համադրումով:
Երեկոն նուիրուած էր նորոգ հանգուցեալ՝ Համազգայինի Ռոտոսի մասնաճիւղի ատենապետուհի Խարա Քէօսէյեանի յիշատակին, որ սիրուած ու յարգուած աշխոյժ ներկայութիւն մըն էր տեղական ընկերութեան մէջ եւս, իր կրթական ու գրական բազմաբեղուն գործունէութեան շնորհիւ:
Յուշի, ցաւի ու տխրութեան, բայց նաեւ յոյսի ու ապագայի ուրախութեան նուիրուած երգերու մեղեդիներով հմայուեցաւ Ռոտոսի բնակչութիւնը, որ յաջորդական ու հզօր ծափահարութիւններով գնահատեց հայկական եւ պոնտական երգերու խառնուրդը, որ ներկայացուեցաւ իրեն: Լիբանանէն հայ երգչուհի Սարինա Քրոս, պոնտոսցի Ցախուրիտիս եղբայրներու եւ տեղացի արուեստագէտներու մեծ թիւի մը վարպետ կատարումներուն շնորհիւ, զգացական հարուստ երգաշխարհ մը բացուեցաւ հանդիսատեսներուն առջեւ:
Համերգին ներկայ եղան Հարաւային Եգէականի մարզպետ Եորղոս Խածիմարքոս, Յունաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Երկոտասնեան կղզիներու բաժանմունքի պատասխանատու Քալիսթոս Տիաքոեորղիու, նոյն բաժանմունքի տնօրէնուհի Մանիա Միխայիլիտի, Համազգայինի Ռոտոսի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, Ռոտոսի պոնտական «Տիղենիս» միութեան անդամներ եւ Ռոտոսի պատմական բերդի շրջակայքը ծայրէ ծայր լեցուցած յոյն հանդիսատեսներ եւ օտար զբօսաշրջիկներ:
(Համազգայինի թղթակից)