ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին, «Էֆ.Պի.Այ.»ը Ֆլորիտայի հարաւային շրջաններուն մէջ ձերբակալեց 56ամեայ Սեզար Սայոքը՝ այս շաբթուան ընթացքին նախագահ Տանըտ Թրամփի քննադատողներուն հասցէագրուած առնուազն 12 պայթուցիկ ծրարներուն հետապնդումին գծով։
Ապահովական մարմինները երկու կասկածելի ծրարներ եւս բացայայտած էին Ուրբաթ օր, որոնցմէ մէկը հասէագրուած էր դեմոկրատ ծերակուտական Քորի Պուքըրին, իսկ երկրորդը՝ Ազգային տեղեկահաւաքի սպասարկութեան նախկին վարիչ Ճէյմզ Քլեփըրին։