«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ «Արմինիա» խորագիրը կրող հայկական ցուցահանդէսին վերաբերեալ ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձած է Հայաստանի պատմութեան, ներկային եւ ապագայի հեռանկարներուն:
«Արմէնփրէս»ը, կը հաղորդէ, թէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը յօդուածին սկիզբը կ՛անդրադառնայ վերոնշեալ ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած է 4-17րդ դարերու հայկական արուեստի ժառանգութիւնը: «Կատարեալ գեղեցկութիւն. «Մեթրոփոլիթըն» Թանգարանի Հայկական Ցուցահանդէսը» խորագիրով թերթը ներկայացուցած է հայկական ցուցահանդէսը:
Այնուհետեւ թերթը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ 2018ի գարնան վարչապետ ընտրուեցաւ Նիկոլ Փաշինեան: «Փողոց դուրս եկած էին հիմնականօրէն երիտասարդները: Անոնք արդէն յոգնած էին ոչ-արդիւնաւէտ կառավարութենէն, նաեւ իրենց սմարթֆոներով կը հետեւէին ընդդիմութեան առաջնորդ, նախկին լրագրող Նիկոլ Փաշինեանի յառաջընթացին, երբ ան բողոքի ցոյցեր կը կատարէր: Երբ ան ժամանեց Երեւան՝ նախկին խորհրդային երկրին մայրաքաղաքը, զանգուածները համատարած գործադուլի կոչեր կ՛ընէին: Նուազ քան վեց շաբաթ ետք Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետ, ստանձնեց երկրի կառավարման ղեկը՝ իրականացնելով արտասովոր, ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութիւնը», կը գրէ թերթը:
Հեղինակաւոր թերթը այնուհետեւ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի անցեալին՝ շեշտելով, որ անիկա շատ մեծ պատմութիւն ունեցող երկիր է: «Այս տարուան գարնան մենք հասկցանք, որ անոր ապագան կրնայ նոյնքան յագեցած ըլլալ, որքան անոր անցեալն էր», կը գրէ յօդուածագիրը:
Թերթը կը յիշեցնէ, որ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ հայկական ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.: Յօդուածին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացուի Գարեգին Բ.ի ներկայութեան՝ ընդգծելով եկեղեցւոյ կարեւոր դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: «Հայաստան քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունած երկիրն է, իսկ ցուցահանդէսը յագեցած է խաչքարերով եւ սուրբ մասունքներով, ինչ որ կը վկայէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ինքնուրոյնութեան մասին: Ոչ մէկ թանգարան հայկական արուեստին այսքան նմուշներ չէ ներկայացուցած: Բոլոր 140 նմուշները բերուած են հայկական թանգարաններէն եւ եկեղեցիներէն. անոնք հազուադէպօրէն կը տեղափոխուին», կը գրէ յօդուածագիրը: