ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ՝ դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեանի խօսքը «Ասպարէզ»ի 110րդ տարեդարձի առթիւ.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ուրախութեամբ կը դիմաւորէ իր պաշտօնաթերթ՝ «Ասպարէզ»ի 110րդ տարեդարձը: Նախ հաստատենք, որ քաղաքական առօրեային մէջ գործող հայ անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն համար «Ասպարէզ»ը եղած է ու կը մնայ քաղաքական խորք եւ տեսլական պարզող օրաթերթը:
Չենք կրնար թաքցնել ներքին համոզում մը՝ որ «Ասպարէզ»ը մեծ յոյսերով ու ծրագիրներով կը շարունակէ իր երթը եւ, ինչպէս ամէն առիթով կը լսենք, անոր յաջողութեան գլխաւոր պայմանը՝ մեր բոլորին գործակցութիւնն ու նուիրումն է:
«Ասպարէզ»ը համեստ եւ համարձակ թերթ եղած է, որովհետեւ իր հետապնդած նպատակները ուղղուած են մեր սովորական ու համեստ, ինչպէս նաեւ համարձակ ու քաջարի ժողովուրդին: Թերթին շեշտուած նպատակը, նախ ժողովուրդին մնայուն տեղեկատուութեան ու գաղափարական ուղղուածութեան գործին սատարելու հիմնական առաքելութիւնը եղած է: Ապա, ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան կապերու աւելի սերտաճումը՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մեր գործունէութեան մասին տեղեկութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու լայն բաժիններով: Վերջապէս, իբրեւ ժողովուրդի կուսակցութեան թերթ, ակներեւ է Դաշնակցական ընկերներուն եւ համակիրներուն տրուած առիթը, որպէսզի անոնք հրապարակաւ գաղափարական եւ քաղաքական հարցերը իրենց անձնական ու քննական մտածումով շարադրեն եւ արտայայտեն:
Մեր ժողովուրդի 110 տարուան պատմութիւնը ապրեցաւ «Ասպարէզ»ը: Իր հարիւր տասը տարուան էջերուն մէջ բազմաթիւ եղելութիւններ արձանագրեց, որոնց մէջ կարելի է խուզարկել մեր ժողովուրդի ողբի դառն իրականութիւնները ու յաղթանակի ճշմարտութիւնները։
Հարիւր տասը տարուան այս պատմութեան մէջ մատնանշելի առաջին իրողութիւնը հաւանաբար միտքի տարակարծութիւններու եւ քաղաքական հակամարտութիւններու շեշտակի արտայայտութիւնն է «Ասպարէզ»ի էջերուն մէջ, եւ ասիկա՝ ի շահ «Ասպարէզ»ին: Որովհետեւ քաղաքական աշխոյժ հակադրութիւններու եւ յառաջդիմական պայքարի մթնոլորտին մէջ է որ կը ծաղկի ազգային շահերու հասկացողութիւնը: Կը ծաղկի նաեւ մտածողութեան տարբեր ուղղութիւններու հարուստ երթեւեկը:
Վերջին հաշուով, «Ասպարէզ»ի աւանդն է շարունակաբար ու միշտ նորոգել իր անցեալի փառքի դափնիները ու ապրիլ ժամանակակից գաղափարական եւ քաղաքական ուժականութիւնը:
Կ՛անդրադառնանք, որ «Ասպարէզ»ը չի հաշտուիր գաղափարախօսութեան բացակայութեան հետ: Չի կրնար մոռնալ սովորական ու համեստ հայ անհատի իրաւունքներուն լայն տեղ տալու իր առաքելութիւնը: Ի վերջոյ, ճիշդ կը սահմանէ հայ աշխատաւորին, հայ գիւղացիին, սովորական մարդուն քաղաքական իրաւունքները, տնտեսական տենչը, ընկերային, քաղաքական եւ բնական իրաւունքները իրագործելու ձգտումը եւ այդ բոլորը քաղաքական կազմակերպ պայքարի վերածելու միտքը: Ասիկա Դաշնակցական աւանդ է արդէն, որուն արձագանգը կը հանդիսանայ «Ասպարէզ»ը եւ որուն հիմնական պայմաններէն է հասանելի, հաղորդակից ու մատչելի դառնալ ժողովուրդին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մամուլի պատմութեան մէջ «Ասպարէզ»ի հարիւրտասնամեակը կարեւոր երեւոյթ է ու ապագան դիմագրաւող հանգրուան՝ հայութեան ներկայ քաղաքական զարգացման, ազգային շահերու հասկացողութեան ու գաղափարական տեսիլքի յստակացման անյետաձգելի իր ճիգերով: Դժբախտաբար կորսնցուցինք Դրօշակի երբեմնի մտքի հրապոյրը, քաղաքական եւ գաղափարական խորք պրպտող քննարկումները, անցեալը եւ ապագան իրար շաղկապող տինամիք մտածողութիւնը: Այսօր, չենք կրնար չարտայայտուիլ ազգային շահերու հասկացողութեան մասին, պետականութեան հաստատման հիմնական խարիսխին մասին, եւ իր ենթակառոյցին մէջ սովորական կեանք ապրող աշխատաւոր զանգուածին մասին:
Հայաստանի վերանկախացման տարիները պետականութիւն կերտելու պայքարի տարիներ եղած են եւ այս պայքարին մէջ ամէնէն բուռն ճակատը հայ աշխատաւոր զանգուածի ճակատը եղած է: Նոյնն է պարագան Սփիւռքին ուր հայ անհատը միտքի ազատագրման պայքարի կողքին նաեւ տնտեսական բարեկեցիկ դիրք գրաւելու առօրեայ հեւքն է որ կ՛ապրի շղթայուած համաշխարհային ներկայ նորազատական միջավայրին մէջ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի այս միջավայրին է որ «Ասպարէզ» կ՛արձագանգէ: Այս անդրադարձը Դաշնակցական մամուլի առաջնահերթ առաքելութիւնն է քսանմէկերորդ դարուն մէջ: Ամէն պարագայի, մաղթելի է որ «Ասպարէզ»ը շարունակէ լոյս սփռել քաղաքական եւ գաղափարական մեր մտածողութեան վրայ, քաղաքական զարգացման անկեղծ խօսակցութիւն տանի բարեկամներու եւ ժողովուրդին հետ, լուր քաղէ սովորական մարդէն ու լուր տարածէ անոր եւ, մանաւանդ, ներազգային ինքնահաստատման ու ընկերաքաղաքական զարգացումներու մնայուն օրակարգ ունենայ իր էջերուն մէջ: