«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կը տագնապինք: Անհանգստութեան բազմաթիւ աղբիւներ կան: Գրեթէ բոլորն ալ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական զարգացումներուն կ՛առնչուին: Թուենք մի քանին.
Ամէնէն հիմնականը, անշուշտ, անորշութիւնն է:
Ի՞նչ հանգուցալուծում պիտի ստանայ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու հարցը: Պիտի պահուի՞ ներկայ օրէնսգիրքը: Ազգային ժողովի Ընտրական օրէնսգիրքը փոփոխութեան ենթարկելու առաջին փորձը անցեալ Երկուշաբթի ձախողեցաւ: Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի փոփոխութիւններու առաջարկները կը հաստատուին: ՀՀԿն արդէն յայտարարած է, որ դէմ պիտի քուէարկէ: Դաշնակցութիւնը, իր հիմնաւոր առարկութիւններով հանդերձ, անցեալ Երկուշաբթի կողմ քուէարկեց: ՀՅԴն իր դիրքորոշումը փոխելու յայտարարութիւն չէ կատարած: «Բարգաւաճ Հայաստան»ի եւ կառավարութեան հետ գործակցելու պատրաստակամութիւն յայտարարած պատգամաւորներու խումբ մը բացակայած էր նիստէն եւ պատճառ դարձած ձախողութեան:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի՝ նախարարական պաշտօններէն սկսեալ մինչեւ մարզպետներու նշանակումները որոշ հարցականներ կը ստեղծեն, որոշ պարագաներու անցեալի առնչութիւնները, իսկ այլոց պարագային՝ ուղղակի կարողութիւններու գնահատումները նկատի ունենալով:
Տնտեսական վիճակի սկզբնական խանդավառ գնահատումները սկսած են տեղի տալու յոռետեսական գուշակումներու, որոնք կրնան խնդրոյ առարկայ դարձնել երկրին մէջ ձեռնարկուած բարեկարգումներու յաջողութիւնը: Անկայուն քաղաքական իրավիճակը կը մատնանշուի իբրեւ պատճառ եւ ճիշդ այդ համոզումէն մեկնելով է, որ Փաշինեան արտահերթ ընտրութիւնները յառաջ կ՛ուզէ բերել, լուրջ ընդդիմութեան հանդիպելու գնով:
Անհանգստացնող են նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի կիսամիջոցները, յատկապէս նախկին պաշտօնեաներու չարաշահումները յայտնաբերելու գործին մէջ աճապարանքի կամ մասնագիտական թերացումներու պատճառաւ թոյլ տրուած սխալները:
Եւ տակաւին ուրիշ պատճառներ: