ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ֆրանսահայ սիրուած երգիչ Վիգէն Դարբինեան իր «Վերադարձ» համերգով Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամ 7էն սկսեալ, Լոս Անճելըս մէջ իւրայատուկ ելոյթ մը պիտի ունենայ, ներկայացնելու համար վերջին 40 տարիներու իր երգերէն ծաղկաքաղ մը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայկական արուեստներու միութեան կողմէ եւ տեղի պիտի ունենայ «Պարնզտըլ» թատերասրահին մէջ (4800 Hollywood Blvd, Los Angeles, CA 90027)։
Տոմսերու արժէքը 30էն 50 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու համար դիմել՝ (818) 244-2468 թիւին կամ այցելել՝ www.itsmyseat.com//events/507909.html կայքէջը։