ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2018ի առաջին 9 ամիսներուն, Հայաստանէն արտածումներու ծաւալը գերազանցած է 2017ի ամբողջ տարուան ցուցանիշը: «Բիզնես Արմէնիա» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեան, Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբերին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց նաեւ, որ Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն կնքուած է 5.9 միլիառ դրամի արտածումներու պայմանագիրներ, մինչդեռ 2017ի տարեկան ցուցանիշը կազմած է 5.7 միլիառ դրամ:
«Ակնկալում ենք այս տարի հասնել 7 միլիարդանոց շեմը», ըսաւ Արմէն Աւակ Աւակեան:
Հայաստանի արտածումներու ծաւալները 2017ի առաջին 11 ամիսներուն կազմած են 2013 միլիառ տոլար, 2016ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճելով 23,5 տոկոսով: