ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կամօ Արէեան այլեւս Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալը չէ: Լուրը հաստատեց Երեւանի քաղաքապետարանի լրատուութեան բաժինի ժամանակաւոր պատասխանատու՝ Տարօն Գէորգեան:
Անդրադառնալով լրատուամիջոցներու յայտնած տեղեկատուութեան, որու համաձայն՝ Կամօ Արէեան նշանակուեցաւ Երեւանի քաղաքապետի խորհրդական, Տարօն Գէորգեան ըսաւ, որ այլ տեղեկութիւններ կը զետեղուին Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքին մէջ: