ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ կարգ մը կուսակցութիւններ կ՛ուզեն խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան դնել օրինագիծներ, արգիլելու համար թուրք ազգայնամոլներու՝ «գորշ գայլեր»ու մատնանշանները։
Գերմանիոյ մէջ այսպիսի կոչով հանդէս եկաւ Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան խօսնակ Քրիսթոֆ տը Վրայ, իսկ Ձախեր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Սեւիմ Տաղտելեն ըսաւ, որ «գորշ գայլեր»ու նշանը կը նմանի Հիթլերը ողջունելու նշանին, ուստի անյապաղ պէտք է արգիլուի անոր գործածութիւնը։
Աւստրիոյ մէջ, Ազատութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Շրախեն երկրին ներքին գործոց նախարարութեան առաջարկեց, որ Քիւրտիստանի բանուրական կուսակցութեան, Իսլամ եղբայրներու եւ «Համաս» կազմակերպութեան մատնանշաններուն հետ միասին պէտք է արգիլուի նաեւ «գորշ գայլեր»ու նշանը, պահանջելով 4000 եուրօ տուգանք սահմանել անոնց դէմ, որոնք ցոյց կու տան այս նշանը։