Քանիցս ականատես եղած ենք, թէ ինչպէս Չարլի Ղայլեան յարգանք եւ ակնածանք կը ցուցաբերէ ազգային բարերարներու հանդէպ, զանոնք իր ուսուցիչը համարելով:
Համոզուած ենք, որ իր գործունէութեամբ, բարերարութիւններով եւ իր այդ վերաբերմունքով այսօր Չարլի Ղայլեան շահած է իրաւունքը ի՛նք կոչուելու ուսուցիչ ու ներշնչող՝ նոր ու աւելի երիտասարդ բարերարներու:
Չարլին իր վրայ վերցուցած է կարեւոր պատասխանատուութիւններ, որոնցմէ կարեւորներէն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական բաժինի խնամակալութեան ղեկավարութիւնը, զոր պատիւով կը կատարէ՝ վկա՛յ այդ բաժինի ծաղկումը (անշուշտ գործակցութեամբ բաժինի տնօրէնութեան):
Չարլին մեր համայնքի կարեւոր բոլոր կառոյցներուն զօրակցած է իր նուիրատուութիւններով, յաճախ նաեւ իր հանդիսավարի շնորհքով փայլեցնելով հանգանակային ձեռնարկները:
«Ասպարէզ»ին տասը հազար տոլարի նուիրատուութեամբ, Չարլին եւ Ճիւլին դարձան թերթի յոբելենական ձեռնարկի 9րդ հովանաւորները, որոնց շարքը պիտի ամբողջացնենք երկու կարեւոր յետագայ յայտարարութիւններով: