«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հոկտեմբերը մշակոյթի ամիս յայտարարուած է, եւ սովորութիւն դարձած է դպրոցական ծրագիրներով ու մամուլով մեր մշակութային հարստութիւնը գովաբանելը, փառաբանելը ու անոր հանդէպ հաւատարմութեան երդումներ կատարելը:
Նաեւ սովորութիւն է, որ մշակութային միութիւններ այս ամսուան ընթացքին զգացնեն իրենց ներկայութիւնը համայնքին մէջ՝ կազմակերպելով հանդէսներ, մշակութային այլազան ձեռնարկներ: Այս տարի չենք տեսներ նման աշխուժութիւն, ինչ որ պէտք է մտահոգէ բոլորս:
Գիտենք, բոլորս ալ գիտակից ենք, որ մեր մշակութային միութիւնները կը դիմագրաւեն բազմապիսի դժուարութիւններ՝ թէ՛ մարդուժի եւ թէ նիւթական միջոցներու: Որոշ պարագաներու, մասնաւոր անձեր, իրենց նախաձեռնութիւններով կը փակեն մշակութային պահանջուած միջոցառումներու բացը: Սակայն ընդունինք, որ մեր արուեստի, գրականութեան, պարի ու երաժշտութեան, թատրոնի ու մշակութային այլ ոլորտներու հետ մեր առօրեայ հաղորդակցութիւնը կարելի չէ պատահականութեան թողուլ, կարելի չէ յատկապէս մեր երիտասարդներուն մշակութային ճանաչողութիւնը վստահիլ գլխաւորաբար շահադիտական նպատակներով ձեռնարկուած միջոցառումներու:
Դժգոհ ենք այս վիճակէն: Դժգոհութիւնը նոյնիսկ համատարած է: Առաջին հերթին դժգոհ են մշակութային միութիւններու պատասխանատուները, որոնք արդարացիօրէն կը բողոքեն համայնքի կրաւորականութեան, կազմակերպական իրենց ճիգերուն հանդէպ ցուցաբերուած լայն անտարբերութեան դէմ:
Մենք ալ, անշուշտ, կը դժգոհինք միութիւններէն, որ մեր հոգեւոր աշխարհը հարստացնող ձեռնարկներ չեն մատուցեր հանրութեան, երիտասարդներ չեն յաջողիր ներգրաւել իրենց կազմակերպական շարքերուն մէջ:
Բոլոր դժգոհները իրաւացի են: Սակայն միայն դժգոհութիւն յայտնելով «սայլը տեղէն չենք կրնար շարժել»: Համայնք-միութիւններ պէտք է կնքեն ուրիշ ձեւի համագործակցութեան դաշինք մը, որուն միջոցաւ միութիւնները պէտք է յանձն առնեն բազմապատկել իրենց ճիգերը, ստեղծագործ մարդոց՝ յատկապէս երիտասարդներ ներգրաւելու մարտահրաւէրը լուրջի առնեն՝ յանդուգն ու անկաշկանդ աշխատելու միջավայր տրամադրելով անոնց, մշկոյթի գործիչներուն թիկունք ըլլան:
Միւս կողմէ, մենք՝ համայնքին զաւակներս, յանձն պէտք է առնենք մշակութային միութիւնները խորթ զաւակ չհամարելու եւ անոնց նիւթապէս թիկունք կանգնելու առաքելութիւնը: Եկէք այս դաշինքի գործնականացումով իմաստաւորենք մշակոյթի ամիսը:
Blame the leaders and not the people , the past 20 years they failed to bring the young generation in to the Armenian cultural events , they were so busy with their own life style , including both Karekin Vehapar and Aram Vehapar who did nothing to the youth except to built their Empire , diaspora is lost already , sorry its too late so don’t cry now .