ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Բերքի տօն»ը՝ նուիրուած գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան:
Տօնավաճառին, Արցախի բոլոր շրջանները եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ գործող շարք մը ընկերութիւններ ներկայացուցին եւ վաճառեցին իրենց արտադրութիւնները։
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան օրհնեց բերքն ու բարիքը:
Այնուհետեւ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ՝ շրջեցաւ տաղաւարները եւ ծանօթացաւ ներկայացուած գիւղատնտեսական մթերքներուն եւ արտադրութիւններուն:
Արցախի գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վիլէն Աւետիսեան նշեց, որ 8րդ անգամն ըլլալով է որ այս տօնը կը կազմակերպուի:
«Այս տօնակատարութիւնը նախորդներէն կը տարբերի անով, որ ներգրաւուած են աւելի շատ մասնակիցներ: Բացի Վերածնունդի հրապարակէն, փառատօնի տաղաւարներ տեղադրուած են նաեւ Արցախի նախագահի նստավայրին եւ կառավարութեան շէնքի յարակից փողոցներուն վրայ եւ ընդգրկած Թումանեան փողոցը: Այս տարի ներկայացուած են առաւել քան 1000 մասնակիցներ՝ նախորդ տարուան 850ի փոխարէն:
Տօնավաճառին ընթացքին եղած են նաեւ հետաքրքրական անակնկալներ՝ «Լաւագոյն շրջան», «Լաւագոյն վերամշակող կազմակերպութիւն», «Լաւագոյն մշակութային կատարում» եւ «Ամենացած գին» անուանակարգերով մրցոյթներ:
Մարտունի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Էդուարդ Բարսեղեան ըսաւ, որ շրջանի 35 համայնքները ներկայացուցած են 28 տաղաւարներ:
«Նախորդ տարուան համեմատ՝ այս տարի Մարտունիի շրջանէն մասնակցողներուն թիւը աւելցած է: Տաղաւարներուն մէջ ալ փորձած ենք բերքն ու բարիքը վաճառել շուկայէն ցած գիներով: Գիւղատնտեսական տարին բարենպաստ էր, որ շրջանը այսօր ներկայանայ առատ բերք ու բարիքով, որ իւրայատուկ է մեր կլիմայական պայմաններուն: Փառատօնը շատ արդիւնաւէտ հարթակ է, որ հնարաւորութիւն կու տայ գիւղացիին եւ արտադրողին վաճառելու իր բերքը: Ժողովուրդին կողմէ կը նկատուի աշխուժութիւն, որ տարուէ տարի զգալիօրէն կ՛աճի, եւ փառատօնը կը վերածուի ազգային համախմբութեան», աւելցուց Է. Բարսեղեան:
Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիք համայնքի ղեկավար Լեւոն Մովսիսեան, իր կարգին, նշեց, որ այս տարի եւս ներկայացուցած են մերձարեւադարձային միրգերէն «քիւանօն» եւ «ֆիզալիսը»:
«Անոնք ամէնամեայ բոյսեր են, որոնք կ՛աճեցուին մեր համայնքին մէջ: Սերմերը բերած ենք դուրսէն: Նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ այս տարի աւելի շատ ներկայացուցած ենք, որովհետեւ աւելցած են պատուէրները: Տաղաւարին մէջ ներկայացուցած ենք նաեւ սերկեւիլ, նուռ, արքայանարինջ, տանձի քանի մը տեսակներ եւ այլ մթերքներ», պատմեց Մովսիսեան:
«Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամ Գոռ Բալասանեան յայտնեց, որ երրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցին «Բերքի տօն»ին:
«Ներկայացուցած ենք մեր երիտասարդ գիւղատնտեսներու եւ մենատնտեսներու արտադրանքը: Տօնին շնորհիւ երիտասարդ գիւղատնտեսները կը ճանչցուին, եւ անոնք կրնան իրենց բերքը վաճառել: Տաղաւարին մէջ կան հինգ տեսակի գինիներ, երեք տեսակի օղի, խոզի միս, խնձոր, նուռ եւ դդում: Գիները իջեցուցած ենք շուրջ 10 տոկոսով», ըսաւ Գ. Բալասանեան:
Բացի շրջաններու գիւղական համայնքներէն բերուած բերք ու բարիքէն, տեղական արտադրութեան մթերքներու ցուցադրութենէն, փառատօնին ներկայացուած է նաեւ հայկական մշակոյթը՝ իր բազմազանութեամբ:
Ազգային երգ ու պարը ապահոված էին շրջանները ներկայացնող կատարողները, «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական խումբը, Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, Արցախի պարի պետական խումբը, «Արցախի ձայներ» երաժշտական խումբը եւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2018» երաժշտական մրցոյթին Հայաստանը ներկայացնող փոքրիկ արցախցի L.E.V.O.Nը:
«Բերքի տօն»ին ներկայ եղան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հիւրեր: