ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց կարելիութիւնները եւ ծառայութիւնները ի սպաս դրած են «Հուվըր» վարժարանին մէջ տեղի ունեցած միջաշակերտական ֆիզիքական ընդհարումին ստեղծած լարուծութիւնը մեղմացնելու Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի ջանքերուն, փորձելով իրականացել այնպիսի բարեկարգումներ, որոնք պիտի նպաստեն նման անբաղձալի բախումներու կանխարգիլման։
Այս շրջագիծին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին հանդիպում մը ունեցան Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Կրեկ Գրիգորեանի, վարժարաններու վերահսկիչ՝ դոկտ. Ուինֆրիտ Ռապըրսընի եւ Կլենտէյլի Ուսուցիչներու միութեան ատենապետ Թալին Արսէնեանի հետ, ծանօթանալու համար միջադէպին մանրամասնութեանց եւ տեղեկանալու, թէ կրթական մարմինները ի՞նչ քայլերու կը դիմեն աշակերտներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Ռանի Ղարիպեան կը յայտնէ, թէ Հայ Դատը յոյժ մտահոգ է, որ աշակերտներու քանի մը խմբակցութիւններու միջեւ ստեղծուած լարուածութեանց սրումը առաջնորդած է ֆիզիքական բախումի եւ այդ պատճառով նախաձեռնած է ծնողներու, աշակերտներու, կրթական մարզի պատասխանատուներու եւ քաղաքի պաշտօնատարներու հետ շփումներու, քաղաքին բնակիչներուն միջեւ առողջ կապեր ստեղծելու նպատակով, իսկ համաատենապետ Լուսի Պետրոսեան կ՛աւելցնէ, թէ նման հանդիպումներ պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն, քաղաքին տարբեր ազգութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար։
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները կապ հաստատած են տեղական պատկերասփիւռի այն կայաններուն հետ, որոնք միջադէպին լուրին հաղորդման ընթացքին կարգ մը անպատասխանատու պնդումներ ունեցած էին, շեշտելով անկողմանալ լրատուութեան կարեւորութիւնը։
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ Կլենտէյլի աշակերտներուն 38 տոկոսը հայ է, 23 տոկոսը՝ սպանախօս, 13ը՝ ասիացի, 6ը՝ ֆիլիփինցի, 2ը՝ ափրիկեցի-ամերիկացի, ամերիկացի հնդիկ եւ Խաղաղականի կղզիներէն, իսկ 18 տոկոսը՝ խառն ամուսնութեան արդիւնք են կամ իրենք զիրենք կը համարեն կովկասեան ծագումով քաղաքացիներ։