«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ամերիկայի տարածքին, միակ հայկական օրաթերթ «Ասպարէզ»ի 110րդ տարեդարձը պիտի նշենք յառաջիկայ Կիրակի, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան:
Ժամը 5էն 6 տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին պիտի վայելենք երիտասարդ արուեստագէտ Լիլիթ Մարտոյեանի կիթառով կատարումները:
Ժամը 6ին պիտի սկսի ճաշկերոյթը: Գեղարուեստական յայտագիրին մաս պիտի կազմէ համայնքիս մէջ տարիներու վաստակով ու հիանալի կատարումներով յայտնի Համազգայինի «Անի» պարախումբը: Նաեւ՝ երեկոյթը պիտի ճոխացնէ երգիչ Վարանդը։
Օրուան գլխաւոր պատգամախօսը պիտի ըլլայ յայտնի հրապարակագիր, «Դրօշակ»ի նախկին խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեան:
Յոբելենական այս ձեռնարկին, «Ասպարէզ»ը որոշած է իր յարգանքի տուրքը տալ համայնքիս մէջ հրապարակագրական ոլորտի վաստակաւոր ծառայողներու խումբի մը: Այդ օրը պիտի մեծարուին՝
Մարի-Ռոզ Ապուսէֆեան
Մասիս Արարատեան
Տոքթ. Արշակ Գազանճեան
Սարօ Գիւմրեցի (Քոթակեան)
Մինաս Գոճայեան
Խաչիկ Ճանոյեան
Վահան Ճանսզեան
Սարգիս Մաճառեան
Յակոբ Մարտիրոսեան
Սարգիս Մինասեան
Լութֆիկ Թապաքեան
Գէորգ Պետիկեան
Յարութ Սասունեան
Վաչէ Սեմերճեան
Նուպար Տէմիրճեան
Օշին Քէշիշեան
Խմբագրութիւնս նաեւ ձեռնարկին հրաւիրած է հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչները:
Ձեռնարկը արդէն ապահոված է հովանաւորութիւնը 11 բարերարներու, որոնցմէ ութին անունները հրապարակած ենք արդէն. երեքին մասին՝ յետագային:
«Ասպարէզ»ի բարեկամները տակաւին կրնան իրենց տեղը ապահովելով՝ միանալ մեր ճաշկերոյթ-տօնակատարութեան, հեռաձայնելով խմբագրութիւն:
Հրամմեցէ՛ք:
Գրիգոր Շէնեա՞ն, Վաչէ Բրուտեա՞ն, Աբօ Չափարեա՞ն…