ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
Շաբաթ, 15 Սեպտեմբերին, Մոնթրէալի «Թէաթր Պօպուա» (Theatre Beaubois) թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գանատահայ ջութակահար Լինէթ Իսրայէլեանի «Musique de film et de ballet» խորագիրով ելոյթը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Փաթիլ Հարպոյեանի:
Ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով բարի գալուստի խօսքէն ետք, բեմավարը բեմ հրաւիրեց երկու արուեստագէտները, որոնք հերթաբար ներկայացուցին Վիթթորիօ Մոնթիէն, Ճան Ուիլիըմզէն, Քարլոս Էլաթա Ալմարանէն, Մորիգոնէէն, Հարըլտ Արլէնէն, Անտրու Ուեպըրէն, Հանս Զիմմըրէն եւ Շարլ Ազնաւուրէն կտորներ՝ բացառիկ կատարողութեամբ: Բարձր մակարդակի զուգանուագին ընդհանրապէս կը նախորդէր երաժիշտին եւ ներկայացուելիք կտորին մասին կարճ տեղեկութիւններ, բեմավարին կողմէ, նաեւ յատուկ մասնակցութեամբ երկու կատակերգակներու: Իւրաքանչիւր կտորի զուգընթաց կը ցուցադրուէր հետաքրքրական եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ տեսերիզ մը՝ կտորին հեղինակ երաժիշտին մասին կամ առնչուած ֆիլմէն պատկերներով, ինչպէս նաեւ երեւակայութեան, միտքի ու հոգիի թռիչք տուող եւ նուագներուն համապատասխանող բնութեան պատկերներով, նաեւ Մարիա Ալփինի պալէի մենապարով:
Կարճ դադարէն ետք երկու արուեստագէտները ներկայացուցին Քամիլ Սեն Սանսի, Արամ Խաչատրեանի, Կոմիտասի, Քարլոս Կարտելի, Փիացոլլայի, Անժէլ Վիլոլտոյի եւ Ճան Ուիլիըմզի հեղինակած երաժշտութիւններէն կտորներ, որոնք արժանացան ներկայ երաժշտասէր հանրութեան բարձր գնահատանքին եւ երկարատեւ ծափողջոյններուն, որոնց ընդառաջելով, Լինէթը եւ Փաթիլը աւարտին զուգանուագ մը եւս ներկայացուցին:
Նշենք, որ յայտագիրի այս բաժինին մէջ տեսերիզի ցուցադրութիւնները շարունակուեցան, հայկական կտորներու ներկայացման ընթացքին հայրենի երկրի բնութեան պատկերներով, գեղանկարիչ Արեգ Էլիբէկեանի գծագրութիւններով, Մեղեդի Աղուրեանի մենապարով եւ թանկոյի պարային մասնակցութեամբ երկու մենապարողներու:
Ելոյթին ընթացքին Նենսի Թորոսեանի կողմէ (Temker Productions) պատրաստուած տեսերիզներու ներկայացումը շարժում եւ կենդանութիւն տուին ելոյթին եւ երաժշտութեան լարերով հանդիսատեսը փոխադրեցին նիւթեղէն աշխարհէն հեռու կախարդական վայր մը՝ նոր ապրումներ եւ զգացումներ արթնցնելով անոնց հոգիներուն մէջ:
Նշենք, որ Փաթիլ Հարպոյեան, որպէս դաշնակահարուհի, արժանացած է գանատական զանազան մրցանակներու եւ կը դասաւանդէ «ՄըքԿիլ» համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ 2015ին, իր «Music from Armenia» խտասալիկի ներկայացման ելոյթը բարձր գնահատուեցաւ Նիւ Եորքի «Քարնըկի Հոլ» ի (Carnegie Hall) մէջ:
Լինէթ Իսրայէլեան մանկութենէն զբաղած է երաժշտութեամբ. ան Մոնթրէալի մէջ արժանացած է զանազան մրցանակներու, իսկ այս տարի ան տիրացաւ Գանատայի Երաժշտական մրցոյթի (Canadian Music Competition) առաջին մրցանակին, որմէ ետք ան ելոյթ ունեցաւ Maison Symphonique-ի մէջ որպէս մենակատար Orchestre Metropolitain-ի հետ: