ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանի հետ քննարկեց արտահերթ ընտրութիւններուն հարցը: Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ իր ունեցածզրոյցի ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ ասիկա Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն հարցով առաջին հանդիպումն էր:
«Մենք մտքեր փոխանակեցինք այդ հարցի վերաբերեալ եւ պայմանաւորուեցինք, որ պէտք է բանակցային գործընթաց սկսուի», նշեց Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ պէտք չէ մտածել, որ մէկ հանդիպումով որոշումներ պիտի տրուին:
Վարչապետը նշեց, որ ապագայ խորհրդարանին մէջ ինչ արդիւնք ալ արձանագրուի՝ քաղաքական ընդդիմութիւնը նուազ ներկայացուած պիտի չըլլայ, քան այսօր է:
«Ազգային Ժողովի 1/3ը պէտք է լինի ընդդիմադիր: Բայց դրա փոխարէն կը լինի այն, որ կառավարութիւնը կ՛ունենայ մեծամասնութիւն եւ հնարաւորութիւն կը տայ լիարժէք գործել եւ զբաղուել երկրի օրակարգի հարցերով: Մենք կ՛ունենանք լեգիտիմ (օրինական-Խմբ.) իշխանութիւն եւ լեգիտիմ փոքրամասնութիւն: Եթէ նոյնիսկ երկրորդ քաղաքական ուժը 5 տոկոս ձայն հաւաքի՝ նա բոնուսով (յաւելուկով-Խմբ.) կը ստանայ այնքան ձայն, որ ինքը լինելու է առնուազն Ազգային Ժողովի 1/3-ի չափով», շեշտեց Փաշինեան:
Վարչապետը յայտնեց, որ այս պահուն արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու գծով ՀՀԿի համաձայնութիւնը չէ ստացած:
Վահրամ Բաղդասարեան նշեց, որ վարչապետին հետ պայմանաւորուեցան շարունակել բանակցութիւնները: Ան ընդգծեց, որ եթէ որեւէ ուժ կողմ չըլլայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման, ուրեմն պէտք չէ կազմակերպել ընտրութւինները, որովհետեւ կազմուելիք խորհրդարանը պէտք է արտայայտէ բոլոր ուժերուն կամքը:
Ըստ Բաղդասարեանի՝ Հանրապետականը պիտի սկսի պատրաստուելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ըլլա՛ն անոնք արտահերթ, թէ հերթական:
ՀՀԿի եւ միւս ուժերուն հետ Փաշինեան համաձայնութեան երկու տարբերակ կը ներկայացնէ.
«Երկու տարբերակ կայ. մէկն այն է, որ Սահմանադրական փոփոխութիւններ ենք ընդունում, միւսն այն է, որ համաձայնութիւն ենք ստորագրում, որ էսինչ օրը վարչապետը հրաժարական է տալիս, քաղաքական ուժերը երկու անգամ վարչապետի թեկնածու չեն առաջադրում, եւ տեղի են ունենում արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Երկու տարբերակներն էլ իրենց առաւելութիւնները եւ ռիսկերը ունեն»:
ՀՀԿականները կրնա՞ն պայմանաւորուիլ, ապա պայմանաւորուածութիւնը խախտել: Այս հարցումին պատասխանելով Փաշինեան ընդգծեց, որ հիմա կարելի չէ իրենց հետ կայացած որեւէ պայմանաւորուածութիւն խախտել, որովհետեւ երաշխաւորը ժողովուրդն է: