Սուրիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան 20 Սեպտեմբերին Դամասկոսի Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանի եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Նորա Արիսեանի հետ:
Այնուհետեւ սփիւռքի նախարարը Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը ընթացաւ հարցում-պատասխանի ձեւաչափով, եւ ներկաները կարելիութիւն ունեցան սփիւռքի նախարարին յղելու զիրենք մտահոգող հարցումները: