ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Շինարարական հետազօտութիւններու եւ յուշարձաններու վարչութեան տեղական ղեկավար Օնուր Եըլտաղ կը յայտնէ, թէ Սվազ (Սեբաստիա) նահանգին մէջ գտնուող Պատմական Հայաստանի Կիւրիւն բնակավայրի հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի:
Ըստ Եըլտաղի՝ վերանորոգման համար նախատեսուած գրեթէ 4 միլիոն թրքական լիրան արդէն իսկ փոխանցուած է, եւ 10 օրուան ընթացքին պիտի սկսին վերականգնումի աշխատանքները:
Նշենք, որ Կիւրիւնը 20րդ դարուն սկիզբը ունեցած է շուրջ 3000 ընտանիքներ, որոնցմէ 1550ը՝ հայեր: Հայերը այնտեղ զբաղած են առեւտուրով, երկրագործութեամբ եւ արհեստներով: Բնակավայրին մէջ կար մէկ քարաշէն հայկական եկեղեցի եւ մէկ դպրոց: 1915ին, Կիւրիւնի հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան: