ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Օրթագիւղը այսօր Պոլսոյ այն թաղամասն է, որուն ուղղուած են համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը, որովհետեւ այս թաղամասը, թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզի առաջնորդութեամբ՝ վերջին տասը տարիներուն հրաշքներու համազօր քայլեր իրականացուց եւ հասաւ բարօրութեան անօրինակ մակարդակի, որմէ կ՛օգտուին համայնքային բոլոր հաստատութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը 2009ին իրականացուցած էր Լոթուս կոչուած թաղամասի փարթամ շէնքերու շինութիւնը ու տոլարով վարձու տուած էր այդ շէնքերն ու խանութները։ Թաղային խորհուրդը նաեւ հաստատած է այլ կալուածներ ու շէնքեր։
Այս բոլորին մասին բացատրութիւն տալու համար, մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպուած էր Սեպտեմբեր 25ին, Օրթագիւղի եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ընթացքին, ատենապետ Շահինկէօզ կարդաց երկարաշունչ հաղորդագրութիւն մը, որ ուրախ լուրեր կը բերէր. անոնցմէ գլխաւորն էր այն լուրը, թէ հայ համայնքին պիտի վերադարձուի այդ հողամասը, որուն համար թաղային խորհուրդը մինչեւ օրս ծանր պայքար կը տանէր զինուորական իշխանութիւններուն դէմ, քանի որ նշեալ տարածքը Լոթուս թաղամասէն իսկ աւելի լայն ու յարմար հողամաս է։
Շահինկէօզ յիշեցուց, որ այս պայքարը տեւած է մօտաւորապէս վեց տարի։ Զինուորական հրամանատարութիւնը երկար ատեն դիմադրած է հողամասը դատարկելու պահանջին, բայց ի վերջոյ դատը կարելի եղած է շահիլ։ Սակայն, զինուորականները այս անգամ առաջարկած են՝ այդ հողամասին փոխարէն վերադարձնել համազօր այլ կալուած մը, որպէսզի պարտաւորուած չըլլան տեղափոխուելու։ Թաղային խորհուրդը այդ առաջարկը եւս չէ ընդունած, որովհետեւ առաջարկուած հողամասը խորքին մէջ համարժէք չէր նշեալին։
«Ի վերջոյ, արդարութիւնը ու կատարուած անձնուէր աշխատանքը յաղթանակեցին, զինուորականները ընդունեցին պարպել հողամասը, ուր մօտ ատենէն պիտի կառուցուի նոր թաղամաս մը։ Հիմա ձեզի կ՛աւետենք, որ համայնքին վրայ կը ծագի նոր արեւ մը, որ բնաւ պիտի չմարի», յայտնեց Շահինկէօզ։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած միակ վատ լուրը կը վերաբերէր տնտեսական վերջին տագնապին պատճառաւ արձանագրուած վնասին։ Արդարեւ, Լոթուսի յարկաբաժիններէն մաս մը, նաեւ բազմաթիւ խանութներ ու առեւտուրի կեդրոններ, որոնց համար նախապէս տոլարով համաձայնութիւն կնքուած էր, այժմ անցած են թրքական լիրայի կամ սառեցուած սակագինի դրոյթին, ինչ որ մեծ կորուստ է թաղային խորհուրդին համար։ Բացի անկէ, մաս մը փոքր թէ մեծ յարկաբաժիններ եւ վեց խանութներ ներկայիս դատարկ կը մնան, առանց վարձակալի։
Շահինկէօզ նաեւ երախտիք յայտնեց նախագահ Էրտողանին, հանգուցեալ կամ այժմու փաստաբաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերին այս ծրագիրներու իրականացման։
Հաղորդագրութեան ընթերցումէն ետք կատարուած զրոյցներուն ընթացքին Շահինկէօզ ու իր գործակիցները բացատրութիւններ տուին նաեւ թաղամասի վարժարանին մասին, որ ուսման բարձր մակարդակ կը ցոլացնէ։ Լուսաբանումներ տրուեցան նաեւ ուսանողներուն յատկացուած կրթաթոշակներուն եւ համայնքային հաստատութիւններու կատարուած նուիրատուութիւններուն մասին։ Արդարեւ, նշուեցաւ, թէ կրթաթոշակ կը տրուի 150 աշակերտի եւ նիւթական օժանդակութիւն կը կատարուի 45 աղքատի։