Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական կազմի ներկայացուցիչները դարձան աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիրներ:
18 Սեպտեմբերին, Սլովաքիոյ Թրնաւա քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի ախոյեանութեան 55 քկ. կշիռքի կարգի եզրափակիչ փուլին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան պարտուեցաւ եւ դարձաւ ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր:
Եզրափակիչ փուլին պարտուեցաւ նաեւ 130 քկ. կշիռքի կագի ըմբիշ Դաւիթ Օվասապեան, որ 0:5 հաշիւով զիջեցաւ մրցակիցին:
Աւելցնենք, որ 67 քկ. կարգին մէջ կը մրցի նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան, որ եզրափակիչ փուլին պիտի մրցի Իւզպեքիստանի ներկայացուցիչ Մահմուտ Պախշիլոեւի հետ: