ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկած նոր դէմքերը պատասխանատուութեան գիտակցութիւն չունին, հանդէս կու գան «յիմար» յայտարարութիւններով եւ կը ձեռնարկեն քայլերու, որոնք պատճառ կը դառնան հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութեան աճին», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ի պատասխան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն:
Ըստ Ատրպէյճանի պետական լրատու գործակալութեան՝ «ԱզերԹաք»ին, Ալիեւ ըսած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ վերջին 20 տարիներուն հաստատուած է բռնատիրութիւն, որուն մասին հայ ժողովուրդը այսօր սկսած է խօսելու:
Ատրպէյճանի բռնապետը աւելցուցած է, թէ ատրպէյճանական բանակը առաւել պիտի ամրապնդուի եւ պիտի շարունակէ «արժանի պատասխան տալ» հայկական կողմի «սադրիչ գործողութիւններուն»: