Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Համազգայինի 90ամեակին առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծոռան՝ Քսենիա Օրլովային եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան (օրին՝ ընկերակցութեան) հիմնադիր՝ Համօ Օհանջանեանի թոռնիկին՝ Էլիզավետա Օհանջանեան-Մեհրապեանին:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ «Նայիրի» բառարաններու գաղափարը մտայղացած եւ զայն իրագործած, ֆորումական (2001) Սէրուժ Ուրիշեանին, եւ այս վերջինին ձեռամբ՝ Հարօ Մհերեանին (Միացեալ Նահանգներ)՝ «HySpell» հայերէն ուղղագրիչ ծրագիրի ստեղծման եւ իրագործման համար: Երկու երիտասարդներուն նախաձեռնութիւնները յոյժ գնահատելի են եւ անհրաժեշտ՝ հայապահպանման սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար:
Թեհրանի հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Վարդանեան Համազգայինի 90ամեակին առիթով շնորհաւորեց Համազգայինի ամբողջ ընտանիքը «Արարատ»ի Կեդրոնական վարչութեան անունով եւ յուշանուէր յանձնեց Համազգայինին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ