«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղուած նշանակալի՛ քայլ է:
Մեր թեկնածուները բաւական վստահութեամբ կը յայտարարեն, թէ յաջողութիւն պիտի արձանագրեն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն: Մենք կը գտնենք, որ Դաշնակցութիւնը, իր մասնակցութեան ձեւով, իր երիտասարդ թեկնածուներու ներկայացումով եւ իր ընտրապայքարի մարտավարութեամբ՝ արդէն իսկ կրնայ ինքզինք յաջողած նկատել:
Արդարեւ, հակառակ այսպէս կոչուած հարցախոյզներու անբարեյոյս գնահատումներուն, հակառակ հասարակական ցանցերու մէջ վխտացող հակադաշնակցական արտայայտութիւններուն, հաւատքո՛վ ու համոզումո՛վ ընտրապայքարի դուրս գալու որոշումը թէ՛ կուսակցութեան, թէ՛ թեկնածուներուն հանդէպ յարգանք կը պարտադրէ:
Մենք յաջողած կը նկատենք ընտրապայքարին ճամբով ներկայացուած Դաշնակցութեան՝ Երեւանի զարգացման ծրագիրին ներդրումը: Յաջողած կը նկատենք երիտասարդական աւիւնով տղոց ու աղջիկներուն այցելութիւնները քաղաքամայրի տարբեր շրջաններ, անոնց բարեհամբոյր շփումները քուէարկողներու հետ, անոնց ժպտուն լաւատեսութիւնը մեր երկրի ապագային հանդէպ:
Դաշնակցութեան «Յանուն Երեւանի» կարգախօսը ունի նաեւ մէկ այլ գնահատելի երանգ, որ կը շեշտուի բոլոր թեկնածուներուն կողմէ՝ իրենց հանրային ելոյթներուն թէ դէմ առ դէմ հանդիպումներուն ընթացքին: Քաղաքապետի դաշնակցական թեկնածու Միքայէլ Մանուկեանի խօսքերով՝ «Այլ ճանապարհ չկայ, քան՝ միասնութի՛ւնը: Բոլոր խնդիրներն ունեն իրենց լուծումը, բնակիչներն ու քաղաքապետը պէտք է միասնական աշխատանքով լուծեն Երեւանի առջեւ ծառացած բազմաթիւ խն-դիրները»:
Բաւական լարուած այս քաղաքական մթնոլորտին մէջ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը քաղաքապետական ընտրութիւններուն՝ նաեւ կայունութեա՛ն երաշխիք է, պետականութեան ամրապնդման հեւքին լծուած քաղաքացիական յանձնառութեան դրսեւորում:
Ընտրապայքարի այս ընթացքին մէջ մենք կը տեսնենք Դաշնակցութեան յաջողութիւնը՝ անկախ անոր թեկնածուներուն ապահոված քուէներու հաշիւէն:
Այո, պայքար, պայքար մինչեւ վերջ:
Հոսանքն ի վեր պիտի ըլլայ այս պայքարը, նկատի ունենալով որ ո՛չ միայն քաղաքացիին քուէն ստանալու ընտրապայքար է այս մէկը, այլ մանաւանդ՝ ժողովուրդը «սեւեր»ու եւ «սպիտակներ»ու բաժնող մտածելակերպին դէմ է: