ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նիւ Եորքի միջազգային հռչակ ունեցող «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին (Metropolitan Museum) մէջ, 22 Սեպտեմբեր 2018ին պիտի կատարուի բացումը հայ մշակոյթին նուիրուած մեծ ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին մշակութային իւրայատուկ արժէք ունեցող իրեր՝ Հայաստանի պետական թանգարանէն, մատենադարանէն, Ս. Էջմիածինէն, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութենէն, Ս. Ղազարու վանքէն (Վենետիկ), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանէն (Լիզպոն), Ամերիկեան հայկական թանգարանէն (Պոսթըն), «Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան» թանգարանէն (Միշիկըն), ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանէն: «Կիլիկիա» թանգարանէն պիտի ցուցադրուին հետեւեալ իրերը.
– Նիկողայոս հայրապետին աջը
– Զոյգ բուրվառներ
– Եմիփորոն
– 3 խաչքարեր
– Խորանի վարագոյր
– 3 ձեռագիր Աւետարաններ
– Յայսմաւուրք
– Բարձրբերդի Աւետարանը
– Մայր Մաշտոցը։
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 13 Յունուար 2019:
Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած է անձնապէս մասնակցելու եւ իր խօսքը ուղղելու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան: