ԼԻՈՆ.- Սեպտեմբեր 8ին, Լիոնի քաղաքապետարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոնի ներկայութեամբ, Պատուոյ լեգէոնի շքանշան շնորհուեցաւ Լիոնի հայազգի քաղաքապետ տոքթ. Ժորժ Քեփենեկեանին: Ան ստացաւ «Ասպետ»ի կոչում: Շքանշանը Քեփենեկեանին յանձնեց բնադեղագիտութեան զանազան ճիւղերու մէջ մասնագիտացած հռչակաւոր «Մերիէօ» հաստատութիւնները համախմբող նոյնանուն հիմնարկի նախագահ Ալէն Մերիէօն:
Մեծարանքի խօսք արտասանեց նաեւ նախարար Ժերար Քոլոն:
Նշենք, որ Ֆրանսայի զօրակցութեան եւ առողջութեան նախարարն էր, որ առաջարկած էր Քեփենեկեանին շնորհել Պատուոյ լեգէոնի շքանշան՝ «Ասպետ»ի աստիճանով, իբրեւ երախտագիտութիւն մեծարեալին 43ամեայ բժշկական վաստակին, յատկապէս՝ իբրեւ Լիոնի «Սեն Ժոզէֆ-Սեն Լիւք» հիւանդանոցի միզաբանական բաժինի պատասխանատու:
Իր շնորհակալական ելոյթին մէջ, տոքթ. Քեփենեկեան յիշեց Լիոնի 8րդ թաղամասին մէջ իր մանկութիւնը՝ իբրեւ հայ գաղթականի զաւակ։