ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Սեպտեմբերին ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը եւ Մեծն Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Մարկրեթ Ֆարնուորթը:
Հանդիպման ընթացքաին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ ընթացիկ համագործակցութիւնը եւ զարգացման հեռանկարները: Արծարծուեցան համատեղ ծրագիրերուն, որոնց շարքին՝ Ամուլսարի ներդրումային ծրագիրի ընթացքին եւ «Լիտիան Ինթերնեշընըլ» ընկերութեան գործունէութեան վերաբերող հարցեր: