ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համայնքի ղեկավար անձնաւորութիւններէն՝ ազգային բարերար Յակոբ Բաղդասարեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով, համայնքային հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ եւ հոգեճաշ պիտի մատուցուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15ին, կ.ե. ժամը 12էն սկսեալ, Ազգ. Շամլեան վարժարանի «Յակոբ եւ Հիլդա Բաղդասարեան» մարզասրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 4444 Lowell Ave., Glendale, CA 91214։
Նոյն օրը, առաւօտեան ժամ 11էն սկսեալ, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի եկեղեցւոյ մէջ (6252 Honolulu Avenue, La Crescenta, CA 91214)։
Անոնք, որոնք կը ծրագրեն ներկայ ըլլալ, կրնան տեղեր ապահովել՝ դիմելով paolalbag@gmail.com կամ ruby22@gmail.com հասցէներուն։