«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրապարակային հրահանգէն երկու ժամ ետք, Հայաստանի ոստիկանութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները պիտի չներխուժեն օլիկարգներու բնակարանները, դուրս պիտի չբերեն զանոնք իրենց պալատներէն ու պիտի չպառկեցնեն զանոնք փողոցները ու մայթերու վրայ: Այդպէս բան չի՛ կրնար ըլլալ: Ուրեմն, այդպիսի հրահանգ պէտք չէ տալ: Կ՛ակնկալենք մեր երկրի վարչապետէն՝ ժողովրդային յեղափոխութեան յաջողութիւնը երաշխաւորելու ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը ստանձնած ղեկավարէն՝ գրգռութիւններու չենթարկուիլ, պաղարիւնութիւնը պահել եւ իր ստորադասներէն պահանջել, որ իրենց աշխատանքը տանին մասնագիտօրէն՝ բացառապէս օրէնքի սահմաններուն մէջ մնալով:
Յայտնի է, որ օլիկարգներուն եւ յատկապէս նախկին իշխանաւորներուն ծա՛նր օրեր կը սպասեն, որ անոնց անօրինութեանց ու թալանին վերաբերեալ բացայայտումները լրջօրէ՛ն պիտի վտանգեն իրենց ազատութիւնն ու կուտակած հարստութիւնը: Որքա՛ն սեղմուի անոնց վիզի օղակը, այնքա՛ն հակազդեցութիւնը բուռն ու բիրտ պիտի ըլլայ, ինչին պատրաստ պէտք է ըլլան երկրի ապահովութեան հսկող ուժերը, կառոյցները: Ուրեմն, պէտք չէ՛ իյնալ ծուղակը, պէտք չէ՛ կատարել այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք կրնան դոյզն իսկ վնասել պետութեան ղեկավարի հեղինակութեան ու վարկին՝ յաչս միջազգային հանրութեան:
Այո՛, կարելի է ուրիշ հաշուարկով շարժիլ: Կարելի է ճնշուած, թալանուած, հարստահարուած բնակչութեան զայրոյթի ու վրէժխնդրութեան զգացումներուն տուրք տալու մարտավարութեամբ յառաջ երթալ, բայց այդ ճանապարհը կրնայ ուրիշ տեղ տանիլ եւ անկանխատեսելի ու անկառավարելի վիճակներ ստեղծելով՝ վնասել մեր պետականութեան:
Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս զգացական պոռթկումներու հանգրուանը արագ փակուի:
Համաձայն ենք ձեր դիրքին:
Արդա՛ր է ակնկալել, նոյնիսկ՝ առաջարկել: Սակայն, ինչպէս առածը կ’ըսէ, «խեւին՝ խե՞լքը ի՛նչ անի, սեւին՝ սապոնը»…:
Hear you. Good piece of advice… I believe you truly feel that in your heart with absolute conviction!
BARONG CHAD UCHJAK JER JAYN HANELUE