ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սեպտեմբեր 7ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը, երկրորդ եւ վերջնական ընթերցումով հաստատեց «Հայաստանի Քրէական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքը, որ կը խստացնէ ընտրախախտումներու համար սահմանուած պատիժը:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 6ին, ԱԺ արտահերթ նիստի պատգամաւորները առաջին ընթերցումով միաձայն ընդունած էին Քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարել առաջադրող սոյն օրինագիծը:
Արդարեւ, այս օրինագիծով կ՛առաջարկուի արգիլել որեւէ բարեգործական գործունէութիւն՝ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ: Նաեւ, կ՛առաջարկուի պատժել ոչ միայն ընտրողները կաշառելու, այլեւ կաշառք տալու խոստումին համար: Նման յանցանքներու համար սահմանուած պատիժը 100,000էն մինչեւ 400,000 դրամ տուգանք է, կամ՝ մինչեւ 5 տարուան բանտարկութիւն: