ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սփիւռքահայութեան ազգապահպանումի մտահոգութեան ծիրէն ներս առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ հայերէն դասաւանդող ուսուցչական շարքերուն նօսրացումը հայկական բոլոր գաղութներէն ներս: Մինչ այդ, մեր դպրոցներու հայախօս աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի: Հայկական վարժարաններուն այս իրավիճակը՝ ուսուցչական կազմերն ու պատկան մարմինները կը դնէ երկու գլխաւոր մարտահրաւէրներու դիմաց. Առաջին՝ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող արհեստավարժ երիտասարդ ուսուցիչներու պատրաստութիւն: Երկրորդ՝ հայագիտական նիւթերու ուսուցումը աւելի գրաւիչ, արդիական եւ արդիւնաբեր դարձնելու համապարփակ ծրագիրի մշակում:
Առաջինի պարագային, անհրաժեշտ է ներգրաւել որակաւոր թեկնածուներ եւ նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնելով անոնց՝ հրապուրիչ դարձնել ուսուցչական ասպարէզը մեր վարժարաններէն ներս: Մինչ այդ, սակայն, մեծապէս պէտք է գնահատել մեր ուսուցիչները, որոնք իրենց նուիրումի ոգիին եւ փորձառութեան շնորհիւ, կ՛ընեն իրենց լաւագոյնը՝ մեր մայրենի լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը սիրցնելու եւ փոխանցելու նորահաս սերունդին: Անհրաժեշտ է զանոնք դնել պատուանդանի որպէս խորհրդատուներ՝ յաչս ապագայի հայերէնի ուսուցիչներուն:
«Երուանդ Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկը նախաձեռնած է խորհրդաժողովներու շարքի մը՝ հետեւեալ նպատակներով.
ա.- Ստեղծել ուսուցիչներուն անհատական յաջող փորձառութիւններու փոխանակումի առիթներ, ուր փորձառու ուսուցիչներուն հարուստ վաստակին ու յաջողութիւններուն փոխանցումով պիտի ճոխացուի նորերուն հմտութիւնը, եւ ուսուցիչներուն անհատական հարուստ վաստակը պիտի վերածուի հաւաքական ներուժի:
բ.- Անհրաժեշտ է, որ ուսուցիչներ հաւաքաբար տեղեկանան եւ ծանօթանան կրթութեան մարզէն ներս տեղի ունեցող նորութիւններուն, միասնաբար քննարկեն զանոնք եւ որդեգրեն այն, ինչ յարմար կը նկատեն:
գ.- Կարեւոր է արհեստագիտական կապեր ստեղծել ուսուցիչներուն եւ համայնքէն ներս գործող որակաւոր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ:
Առաջին խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 22 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ մինչեւ կ.ե. ժամը 3, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնէն ներս, Փասատինա (2495 E. Mountain St., Pasadena CA 91104):
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել դոկտ. Սիլվա Գարայեանին՝ karayan@callutheran.edu հասցէով։