ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկին (AFFMA) նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ ընթացքի մէջ են այս տարուան «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 21րդ փառատօնի կազմակերպման աշխատանքները։
Հոլիվուտի պատմական «Իճիփշըն» թատերասրահին մէջ Նոյեմբեր 2-4ի շաբաթավերջին կայանալիք այս շարժապատկերի եռօրեայ փառատօնին ներկայացած հարիւրաւոր ֆիլմերուն քննարկումէն ետք՝ փառատօնի յայտագիրն ու ֆիլմերը պիտի ծանուցուին շուտով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել ArpaFilmFestival.com կայքը։