ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Առաջնորդութեամբ Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան առաջին ատենապետին՝ իրաւաբան Տէյվիտ Պալապանեանի, միացեալ կազմակեպութեամբը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին ու Հայ իրաւաբանական միութեան՝ Կլենտէյլի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցան երկու հաւաքներ, ի նպաստ Երեւանի մէջ հիմնուելիք իրաւական խորհրդակցութեանց գրասենեակին։
Հաւաքներէն առաջինը կայացաւ Կլենտէյլի «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան սրահը, իսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ՝ «Մորկըն, Լուիս եւ Պոքիուս» իրաւաբանական հիմնարկին սրահը, ի մի բերելով Հայ իրաւաբանական միութեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի համակիրներ։
Նիւթական աջակցութիւն ապահովելու կողքին, հաւաքները առիթ հանդիսացան քննարկելու Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութեանց սերտացման կարելիութիւնները, յատկապէս իրաւագիտութեան մարզէն կապերու ամրապնդումով, յատկապէս՝ Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան լոյսին տակ, երբ շեշտը կը դրուի օրէնքի գերակայութեան կարեւորութեան վրայ։
Նշենք, որ Հայ իրաւաբանական միութեան կողմէ եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինի աջակցութեամբ հիմնուելիք իրաւական խորհրդակցութեանց գրասենեակին գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ արդի արհեստագիտութեան եւ ճարտարագիտութեան մարզերուն մէջ նոր կազմուող ընկերութիւններուն իրաւական խորհրդատուութիւն տրամադրել:
Հայաստանի մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող սոյն՝ Արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան իրաւական խորհրդակցութեանց գրասենեակին բացումը կ՛ակնկալուի մօտիկ ապագային։
Իրաւաբան Տէյվիտ Պալապանեանի կողքին, սոյն հաւաքներուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քալիֆորնիա գտնուող՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին մէկ որոշումը՝ Քալիֆորնիոյ «Հէյսթինկզ» իրաւագիտական համալսարանէն ներս ուսանելու համար Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քալիֆորնիաբնակ 6 ուսանողներու ամբողջական կրթանպաստներ (մօտաւորապէս 190,000 տոլար) տրամադրելու վերաբերեալ, որ առաջադրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ։