ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ տարի գրած յօդուածներէս մէկուն մէջ տեղեկացուցած էի, որ Ատրպէյճանի Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը 350 գաղտնի թռիչք իրականացուցած է՝ Պուլկարիայէն հարիւրաւոր թոն զէնք տեղափոխելով Սուրիա՝ ՏԱԷՇի ահաբեկիչներուն, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներ՝ 2014-2017 թուականներու ընթացքին:
Այժմ ունինք հետեւեալ նոր բացայայտումը. Միացեալ Նահանգներու Արտածման-ներածման (EXIM) դրամատունէն Silk Way ստացած է 419.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկեր, «Պոյինկ» ընկերութենէն երեք՝ 747-8 մակնիշի բեռնատար օդանաւներ գնելու եւ իր չարամիտ գործունէութիւնը շարունակելու համար:
Բացայայտումը կատարած է Կազմակերպուած յանցանքի եւ փտախտի լուսաբանման նախագիծի (OCCRP) զեկուցողը՝ Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին արարքով (FOIA) հարցում ներկայացնելով ամերիկեան կառավարութեան, 2016 թուականին: Նշենք, որ Silk Way, որ «կը պատկանի Ալիեւներու ընտանիքին հետ անցեալին կապեր ունեցող ընկերութեան, շահած է քանի մը հասութաբեր պայմանագիրներ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերէ»՝ ըստ FOIA-ի փաստաթուղթերուն:
Փաստօրէն, «Silk Way աւելի քան 400 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիրներ կնքած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան երթեւեկութեան հրամանատարութեան վարչութեան հետ, արդէն տասնամեակէ մը աւելի», կը հաղորդէ OCCRP-ի լրագրող Տեւանշ Մեհթա: Silk Way «զինամթերք եւ ոչ մահացու այլ նիւթեր» տեղափոխած է Աֆղանիստան, 2005էն ի վեր:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ ունեցած կապերէն բացի, Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը նաեւ աշխատած է որպէս ենթակապալառու՝ Գանատայի Ազգային պաշտպանութեան բաժանմունքի, Գերմանիոյ զինուած ուժերու եւ ֆրանսական բանակի համար», բացայայտած է Մեհթա:
Ապրիլ 2017ին, Silk Way ընդլայնած է իր գնումներու ծաւալը «Պոյինկ»էն՝ ստորագրելով մէկ միլիառ տոլարի պայմանագիր՝ տասը նոր 737 MAX մակնիշի ճամբորդատար օդանաւեր ձեռք բերելու համար, կը հաղորդէ լրագրող Մեհթա: Այսուամենայնիւ, յայտնի չէ, թէ ինչպէ՛ս ֆինանսաւորուած է նոր ձեռքբերումը: Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Silk Way յայտարարած է, որ կը նախատեսէ գնել եւս երկու 747-8 մակնիշի բեռնատար օդանաւեր:
Մեհթա բացայայտած է, որ «օդանաւային ընկերութիւնը կը պատկանի Silk Way Group-ին, որ, առնուազն պահ մը, սերտօրէն կապուած էր Ատրպէյճանի Ալիեւներու իշխող ընտանիքին (որ իր օդանաւերը օգտագործած է մասնաւոր ճամբորդութիւններու համար) եւ շահած է պետական գործարքներու բարեհաճութենէն: Ըստ FOIA-ի միջոցով ձեռք բերուած տեղեկութեան՝ Silk Way Airlines ձեռնարկած է քայլերու՝ իր սեփականատէրերուն ինքնութիւնը թաքցնելու համար, ինչ որ հաւանական է, որպէսզի ընկերութիւնը բարելաւէ իր բախտը՝ շահելու համար ամերիկեան վարկային արժէքաւոր երաշխիքներ եւ ռազմական պայմանագրեր»:
Մեհթա աւելցուցած է, որ «Ա-տրպէյճան «Թրանսփերընսի ինթերնեշընըլ»ի փտախտի ընկալման ցուցակի 180 երկիրներու շարքին մէջ գրաւած է 122րդ տեղը, իսկ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին պատկանող՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին գտնուող շքեղ ապարանքները կը գնահատուին աւելի քան 140 միլիոն տոլարով: «Փանամայի թուղթերը» եւ այլ արտահոսքեր ակնարկած են երկրի առաջին ընտանիքին՝ իբրեւ ներգրաւուած Ատրպէյճանի տն-տեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ, շքեղ հիւրանոցներէն սկսեալ մինչեւ հանքային արդիւնաբերութիւն եւ դրամատնային ծառայութիւններ»:
Արտածման-ներածման դրամատան կողմէ Silk Way-ի տրուած 419.5 միլիոն տոլարի վարկի պայմաններուն համաձայն, պարտաւորութիւններու անտեսման պարագային վնասները հատուցելու էր պետութեան պատկանող Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունը (IBA): Խնդիրը այն է, որ IBA «ներգրաւուած էր զանգուածային յատակագիծի մը՝ «Ատրպէյճանական լուացքատան» մէջ, որ մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար դուրս հանած է երկրէն՝ զանազան կեղծ ընկերութիւններու միջոցով», գրած է Մեհթա: Բացի ատկէ, IBA-ի վիճակի չէ երաշխաւորելու Silk Way-ի վարկը, քանի որ, 2015ին, IBA ինքզինք հռչակած է սնանկացած՝ չկարենալով վճարել 3.3 միլիառ տոլարի պարտքը…
Նէյթ Շչենքան, որ ամերիկեան շահոյթ չհետապնդող, ամբողջ աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները վերահսկող Freedom House-ի Nations in Transit նախագիծի ծրագիրներուն տնօրէնն է, խնդրայարոյց կը նկատէ Silk Way-ին տրամադրուած EXIM դրամատան վարկը. «Ատրպէյճանի մէջ, ուր ընտանիք մը գերիշխող դիրք ունի տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս, ապա այնուհետեւ կ՛օգտագործէ պետական կառոյցները իր տնտեսական ծրագիրները վերականգնելու համար, ուրեմն եւ հոն առկայ է շահերու ակնյայտ բախում»:
2010ին, նախագահ Ալիեւի 21ամեայ դուստրը՝ Արզու Ալիեւա, Silk Way Holding-ի ֆինանսական բաժանմունքի՝ Silk Way դրամատան սեփականատէրերէն մէկն էր: 2017ին անոր անունը այլեւս չի նշուիր իբրեւ սեփականատէր: «Silk Way Holding, որ իր կայքէջին վրայ կը նշուի նաեւ իբրեւ Silk Way Group (SW Group), համակուտակ ընկերութիւն մըն է, որ վերջերս իր թղթապանակին մէջ ներառած է 11 ընկերութիւններ, որոնց շարքին՝ օդանաւային ընկերութիւնը», տեղեկացուցած է Մեհթա:
Silk Way Holding գերակշռող դիրք գրաւեց Ատրպէյճանի օդանաւային ոլորտէն ներս, յատկապէս երբ շատ գաղտնի պայմաններու մէջ սեփականաշնորհուեցաւ պետական AZAL օդանաւային ընկերութիւնը՝ առանց մրցոյթներու եւ ծանուցումներու: Մեհթա գրած է, որ «հեռահաղորդակցութեան ոլորտի այսպիսի սեփականաշնորհում մը յանգեցուց անոր, որ [Ալիեւի] ընտանիքը մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլար կաշառք ստացաւ կանխիկ գումարով եւ արժետոմսերով՝ ըստ OCCRP-ի աւելի կանուխ հրապարակուած մէկ յօդուածին: Քննութիւնը նաեւ պարզած է, որ այդ գումարը առաջին ընտանիքին փոխանցուած է գաղտնի, ստուերային զանազան ընկերութիւններու միջոցով: Այս ընկերութիւնները թոյլ տուած են Ալիեւներուն՝ վերահսկել ոսկիի հանքավայրեր, հեռահաղորդակցութեան եւ շինարարական գործառքներ Ատրպէյճանի մէջ»:
2006 թուականի փաստաթուղթերուն համաձայն՝ Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը պատկանած է IHC-ին (International Handling Company)՝ Բրիտանիոյ Վիրճինեան կղզիներու մէջ հիմնադրուած ստուերային կազմակերպութեան: 2017ի փաստաթուղթերուն մէջ Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ ընկերութեան 40 տոկոսը կը պատկանի IHC-ին, իսկ 60 տոկոսը՝ SW Holding-ին, զոր «արդիւնաւէտօրէն կը վերահսկէր» Ատրպէյճանի քաղաքացի Զաուր Ախունտով: Մեհթա յայտարարած է, որ «IHC կապուած է Ալիեւի ընտանիքին՝ անոր տնօրէն Ճաուատ Տպիլայի միջոցով, որ, ըստ հաղորդման, անցեալին ծառայած է իբրեւ առաջին ընտանիքի գործառքի շահերու լիազօրուած անձ»:
2011ին, Silk Way Holding-ի եւ IHC-ի հաւատարմագրային հաւաստագիրը յանձնուեցաւ ռուսական ծագումով վարիչ Կրիկորի Եուրքովի, ըստ Լիւքսեմպուրկի պաշտօնաթերթի: Այս նշանակումը օգտագործուած է իբրեւ IHC-ի իրական սեփականատէրերը թաքցնելու միջոց:
Մինչդեռ 2014ին, Զաուր Ախունտով դարձած է Silk Way Group-ի ամբողջական, հարիւր առ հարիւր տոկոսով սեփականատէրը, այդ ալ խորհրդաւոր կերպով: Այն ատեն ընկերութիւնը եւ անոր բազմաթիւ կազմակերպութիւնները արդէն կ՛արժէին միլիառաւոր տոլարներ, յայտարարած է Մեհթա՝ հիմնուելով ընկերութեան վարկային երաշխիքի յայտարարութեան վրայ: Յիսունամեայ Ախունտով քանի մը պաշտօններ վարած է Ատրպէյճանի մէջ: «Անհասկնալի է, թէ ինչպէ՛ս Ախունտով դարձած է միլիառաւոր տոլարներու համակուտակի սեփականատէր, որ կը ներառէ աւելի քան տասը ինքնաթիռ, ապահովագրական ընկերութիւն, շինարարական ընկերութիւն եւ օդանաւներու սպասարկման ընկերութիւն, եթէ նշենք միայն Silk Way Group-ի ձեռնարկութիւններէն մէկ քանին», հետաքրքրուած է Մեհթա:
Freedom House-ի Շչենքանի խօսքերով, «Ատրպէյճանը կարելի է բնութագրել իբրեւ կեդրոնացած, ուղղահայեաց բուրգ մը, ուր եկամուտները կ՛երթան մէկ ընտանիքի, որ վարձքեր կը հաւաքէ ամբողջ աշխարհի վրայ: Ասիկա կը ներառէ բոլոր տեսակի գործառքները, ոչ միայն պաշտօնական պետական գործառքները, որոնք կրնան ներգրաւել հարկերը եւ պետական միջոցները, այլ նաեւ այն ամբողջը, որ մենք սովորաբար կը համարենք մասնաւոր հատուած՝ ներածում-արտածում, սպառողական ապրանքներ, երթեւեկութիւն…: Տնտեսութեան որեւէ ոլորտի պարագային այս ընտանիքը շահ ունի անոր մէջ եւ ամէն բանէ կը ստանայ իր բաժինը»:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է լսումներ իրագործէ՝ EXIM Bank-ի կողմէ Silk Way օդանաւային ընկերութեան տրամադրած 419.5 միլիոն տոլարի վարկային երաշխիքի օրինականութեան, դէպի Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկչական խմբաւորումներ անոր իրականացուցած զէնքի առաքումներուն եւ Ալիեւի իշխող ընտանիքին հետ ընկերութեան թաքցուցած կապերու հետապնդման ուղղութեամբ: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ պէտք է ամերիկեան վարկ տրուի միլիառաւոր նաւթատոլար ունեցող Ատրպէյճանին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ