ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Այսպէս է դրուած կարգն աշխարհի, մարդ արարածը պիտի տառապի: Պիտի տառապի բուռ մը հացի համար, պիտի տառապի պուտ մը ջուրի համար, պիտի տառապի շունչ մը օդի համար: Այսպէս ճշդած են կարգը եւ շատ քիչեր միայն կը համարձակին այդ կարգին դէմ առարկել…

Այս սիւնակին վրայ քանի-քանի անգամներ յիշած եմ Պարոյր Սեւակի քերթուածը, որ կը խօսի աշխարհը շալակած տանողներու եւ աշխարհի շալակը ելլողներու մասին: Օրինակ բերենք լրագրութեան ասպարէզէն: Այդ ասպարէզը, թէ՛ աշխարհին շալակը ելլելու եւ թէ աշխարհը շալակած տանելու առիթը կ՛ընդեռէ իր գործիչներուն: Ներկայ դրութեամբ, եթէ յօժարիս իշխանութեան փողը հնչեցնել՝ ամէն ինչ կարգին է: Ոչ մէկ դժուարութիւն, ոչ մէկ խոչընդոտ: Բայց եթէ համարձակիս իրաւացի տեսածներուդ մասին անդրադառնալ, անիրաւութիւններու դէմ պայքարիլ, այն ատեն տանջանքներէ տանջանք ընտրէ քեզի համար:
Այս բոլորը մտաբերեցի, երբ կարդացի, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Միջազգային ոստիկանութեան դիմում կատարած են՝ ծանօթ հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլուն ձերբակալելու եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն յանձնելու: Իսկոյն մտաբերեցի Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելի այս մասին ունեցած առարկութիւնը: Ան յստակօրէն ըսած էր, թէ չենք կրնար արտօնել, որ Թուրքիա չարաշահէ համաշխարհային կազմակերպութիւնները: Անշուշտ ոչ ոք հարցուցած էր, թէ «չէք արտօներ եւ ի՞նչ կ՛ընէք տիկին Մերքել: Ո՞ր եղանակով արգելք կրնաք ըլլալ այդ շահագործման»: Կը յիշենք, որ մօտ անցեալին, Ատրպէյճանի նախագահն ալ նոյն եղանակով եւ անշուշտ կաշառելով՝ կը յաջողէր բերման ենթարկել իրեն համար վնասակար թուացող զանազանները: Բնական է քանի որ աշխարհի երեսին միշտ կան, պիտի ըլլան աշխարհի շալակը ելլելով՝ իրենց գործը քալեցնողներ: Մենք զանոնք տեսանք Հունգարիա, Ուքրանիա եւ այլուր: Գիտենք, որ նոյն-ինքն տիկին Մերքելը դիւրաւ կը համակերպի, երբ իր կամ իր երկրի շահերը նման բան պահանջեն: Ուրեմն, ի զուր իրենց մի՛ խրատէք, սա նախասիրութիւն է, եւ աշխարհը շալակած տանողները ուշ թէ կանուխ պիտի ստանան իրենց վիճակուած տանջանքի բաժինը:
Ողջո՛յն տանջանքի դէմ աննկուն մնացողներուն:
«ԱԿՕՍ» (յապաւուած)
Ողջոյն նաեւ ձեզի, որ կը համարձակիք պատնէշի վրայ մնալ յանուն արդարութեան: