ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի մէջ Սեպտեմբեր 5ին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարներ՝ Սուլէյման Սոյլուի եւ Արսէն Աւագովի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած է նաեւ Ուքրանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Խրիմի թաթարներու ղեկավար Մուսթաֆա Ապտուլճեմիլ Քըրըմօղլուն, որ սերտ յարաբերութիւններ ունի շարք մը թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Նախարարները ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր՝ աւելի սերտացնելու համար նախարարութեաց միջեւ կապերը:
«Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ, ներառեալ Խրիմի, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման: Միաժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ուքրանիոյ՝ Խրիմի թաթարներուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Մենք յատուկ կարեւորութիւն կու տանք Խրիմի մեր թաթար ազգակիցներու իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան», ըսած է Սոյլու:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ, Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլենական համայնքին դէմ պայքարին մէջ Անգարային աջակցելուն համար:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի կցումը «բռնագրաւում» կը նկատէ։