ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գէորգ Պ. Յակոբեան Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած ընդարձակ հատորը՝ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու»: Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Յովսէփ Նալպանտեան:
Մուտքը ազատ է:
«Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրուած այս ստուար հատորը հեղինակին երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ պրպտումներուն արգասիքը կը հանդիսանայ: Գէորգ Պ. Յակոբեան իր այս աշխատութեան մէջ ո՛չ միայն պոլսահայ ուսումնական կեանքի պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրէ, այլեւ մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պոլսոյ երբեմնի ու ներկայի հայկական ազգային ու անհատական շուրջ 170 վարժարաններու մասին: Գիրքը կը պարունակէ հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոյ մը:
Գէորգ Պ. Յակոբեան ծնած է 1947ին, Պոլիս: 1972-1982 թուականներուն միջեւ եղած է Գումգաբուի Դրսի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի պատասխանատու հիմնադիր: 1997ին ընտանեօք գաղթած է Ամերիկա՝ հաստատուելով Լոս Անճելըս: Մինչեւ այսօր կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան ու հանրապետական շրջանի արխիւները եւ կը հաւաքէ անտիպ նիւթեր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ որբերու, բռնի կրօնափոխ եղած հայերու, բռնագրաւուած ազգային ու անհատական կալուածներու մասին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել «Ապրիլ» գրատուն՝ (818) 243-4112 թիւով, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։ Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։