ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Արհեստավարժ թենիսի Միացեալ Նահանգներու Բաց մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, աշխարհի թենիսի 26րդ մարզիկը հանդիսացող ռուսահայ Կարէն Խաչանովը Օգոստոս 31ի երեկոյեան՝ 7-5, 5-7, 6-7, 6-7 արդիւնքով պարտութիւն կրեց աշխարհի թիւ մէկ՝ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն, դուրս մնալով մրցաշարքէն։ Մրցումը տեւեց 4 ժամ եւ 23 վայրկեան։
Խաչանով, որ քիչ մնացած՝ երկու սեթի առաւելութիւն պիտի ապահովէր Նատալի դիմաց, քանի մը սխալներու պատճառով կորսնցուց այդ բացառիկ առիթը, որմէ ետք մրցումին ընթացքը փոխուեցաւ Նատալի ի նպաստ։ Ամբողջ մրցումին ընթացքին ուշագրաւ էին գնդակի այն երկարատեւ փոխանակումները, որոնք երբեմն կրցան մօտենալ մինչեւ քառասուն հարուածի եւ որոնց ընթացքին շնչասպառ եղան մինչեւ իսկ… դիտողները։