ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Թարօ Քոնօն:
Վարչապետը ողջունած է Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարին առաջին այցելութիւնը մեր երկիր եւ յայտնած, որ սա տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի համար կարեւոր՝ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու շրջանին:
«Նախորդ տարի կը տօնէինք հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակը, զոր կարելի է բնութագրել որպէս արդիւնաւէտ եւ աշխուժօրէն զարգացող: Միեւնոյն ատեն կը կարծեմ, որ ունինք իսկական կարելիութիւններ‘ երկկողմանի գործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու եւ յատկապէս տնտեսական կապերը խթանելու համար», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարը համակարծիք եղած է վարչապետին հետ, որ երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը զարգացման եւ խորացման մեծ ներուժ ունի տարբեր ոլորտներու մէջ:
«Ինծի համար պատիւ է այցելել Հայաստան: Այսօր այցելեցի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն եւ տպաւորուեցայ Հայաստանի արհեստագիտակա ոլորտի կրթական ձեւաչափով: «Թումօ»ն այն վայրերէն է, ուր եւս կրնանք միասին աշխատիլ: Պատրաստ ենք քննարկել տնտեսութեան բնագաւառէն ներս մեր համագործակցութեան խորացման հեռանկարները», աւելցուցած է ան:
Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած նոր քաղաքական ու տնտեսական իրավիճակին եւ իրականացուող բարեփոխումներուն՝ մասնաւորապէս,փտածութեան դէմ պայքարին, ներդրումային և առեւտրական միջավայրի բարելաւման ուղղութիւններով: Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Հայաստանի մէջ կատարուող ժողովրդավարական փոփոխութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու կառավարութեան այդ գործընթացին:
Նախարար Քոնօն նաեւ հանդիպած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան եւ Քոնօ կարեւոր նկատեցին դրամատնային համակարգին մէջ գործակցութեան ամրապնդումը, եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին, մշակութային փոխանակումներուն, ինչպէս նաեւ գիտական ու կրթական մարզերուն պարագային բարգաւաճման եւ գործակցութեան աշխուժացման ծրագիրներուն իրականացումը: