ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սէօզճու» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Զէյնեփ Կիւրճանլը գրած է, թէ Թուրքիա մտադիր է ռազմակայան հաստատել Նախիջեւանի տարածքին վրայ:
Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման եւ գործակցութեան անդրադարձած Կիւրճանլը շեշտած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ բազմաթիւ հարցերու մէջ Թուրքիան եւ Ռուսիան գործընկերներ են, շարք մը խնդիրներու շուրջ եւ յատկապէս Կովկասի մէջ այս երկու երկիրներուն շահերը կը բախին:
«Անգարա ու Մոսկուա որքանո՞վ կրնան համագործակցութեան մէջ ըլլալ Կովկասի մէջ: Անգարայի մէջ փակ դռներու ետին քննարկուող շատ կարեւոր նիւթ կայ. Թուրքիան, Սոմալիէն ու Քաթարէն ետք, իր երրորդ արտասահմանեան ռազմակայանը կ՛ուզէ հաստատել Նախիջեւանի մէջ եւ արդէն իսկ գործի անցած է: Ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ մեր նոր «ռազմավարական գործընկերը» այդ մէկին», գրած է թուրք սիւնակագիրը՝ միաժամանակ յիշեցնելով հայ-ռուսական ռազմավարական սերտ համագործակցութիւնը: