«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ գործադիր տնօրէնի պաշտօնի համար յայտարարուած մրցոյթը աւարտած է Օգոստոս 31ի կէսգիշերին: Հիմնադրամը ստացած է 42 դիմում 7 տարբեր երկիրներէ (Հայաստան, Ռուսիա, ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Լիբանան): Դիմումներուն մեծ քանակը կը փաստէ պաշտօնի նկատմամբ յայտատուներու մեծ հետաքրքրութիւնը:
Ընտրող յանձնաժողովը ուշադրութեամբ պիտի քննէ դիմումները: Ժողովը տեղի պիտի ունենայ 2018ի Սեպտեմբեր 10ին, Երեւանի մէջ: Յանձնաժողովին մաս կը կազմեն Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները, ՀՀ վարչապետի ներկայացուցիչները, Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալպերթ Պօղոսեանը (Զուիցերիա): Յանձնաժողովը պիտի գլխաւորէ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը (Ֆրանսա):
Դիմումները քննարկելէ ետք յանձնաժողովը ընտրուած թեկնածուն պիտի ներկայացնէ Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հաւանութեան: Ան իր հերթին առաջադրուած թեկնածուն պիտի ներկայացնէ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի հաստատման: Ատկէ ետք միայն թեկնածուն պիտի ստանձնէ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը: Ան պիտի պարտաւորուի բարեփոխել եւ առաւել հզօրացնել այս եզակի կառոյցը, որ վերջին 26 տարուան ընթացքին հսկայական ներդրում ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի ընկերա-տնտեսական զարգացման գործին:
Հիմնադրութեան առաջին օրէն՝ 1992էն սկսած, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իրականացուցած է 1100 խոշոր ծրագիր եւ հազարաւոր այլ կարեւոր ծրագիրներ Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Անոնց ընդհանուր արժէքը կազմած է աւելի քան 350 միլիոն տոլար: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը բաղկացած է Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի քաղաքական եւ կրօնական բարձրագոյն պատասխանատուներէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ հեղինակութիւն վայելող անհատներէ: