ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրը իր վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Օգոստոսի առաւօտուն, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան։ Հիւրաբար ներկայ էր Վենեզուելլայի Հայոց թեմի հոգեւոր տեսուչ Կոմիտաս արք. Օհանեան։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչներ, Փասատինայի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան անդամներ, ծնողներ, բարերարներ եւ հարազատներ։
Վարժարանի մուտքին, առաջնորդ սրբազանը դիմաւորուեցաւ վարչուհի Կարին Չուքատարեանի եւ դաստիարակներուն կողմէ։ Քայլերգներէն ետք, աշակերտներ միասնաբար երգեցին Տէրունական աղօթքը։ Կատարուեցաւ նաեւ օրհնութեան աղօթք։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց վարչուհին, որ բարի գալուստ մաղթեց նոր ու անցեալի աշակերտներուն, ապա յայտնեց, որ ինք եւ ուսուցիչները կարօտով կը սպասէին անոնց վերադարձին. ան աշակերտներուն ներկայութիւնը նկատեց ուրախութեան եւ խանդավառութեան աղբիւր, ինչպէս նաեւ՝ խրախոյս, որպէսզի հայապահպանումի եւ սերնդակերտումի գործը շարունակուի նախանձախնդրութեամբ։ Վերջապէս, ան բարի մաղթանքներ ուղղեց յաջող տարեշրջանի մը համար։
Աշակերտները ներկայացուցին քանի մը երգեր։
Առաջնորդը արտասանեց օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ վերամուտի այս օրերուն կը գտնուի այս մանկամսուրի յարկին տակ, որ կը վայելէ գուրգուրանքը Փասատինայի հայութեան մեծ ընտանիքին, նաեւ վարժարանն ու մանուկները կը վայելեն բոլորին սէրն ու հոգածու վերաբերմունքը, իսկ վարժարանը տարուէ տարի կը ծաղկի շնորհիւ բոլորի զոհաբերութեանց ու նուիրաբերումին։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարչուհիին, ուսուցիչներուն ու անձնակազմի անդամներուն մասին՝ մաղթելով, որ ուսումնական նոր տարեշրջանը ընթանայ անվտանգ եւ առիթ ծառայէ մեր մատղաշ մանուկներու հոգիները հարստացնելու համար մեր եկեղեցական ու ազգային գանձերով։ Ան նաեւ գնահատանք արձանագրեց ծնողներուն ու մանկամսուրի նուիրեալներուն, որոնք կը կանգնին այս ուսումնարանի կողքին, եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ շնորհքով՝ յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանը նոր նուաճումներ աւելցնէ անցեալի իրագործումներուն վրայ։
Վերամուտի արարողութենէն ետք, առաջնորդ սրբազանը այցելեց դասարանները եւ զրուցեց մանուկներուն հետ։ Աւարտին, առաջնորդն ու հիւրերը վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն։