ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ս. Յակոբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան 75րդ Հայկական փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 9ին, կ.ե. ժամը 12:30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, եկեղեցւոյ բակը:
Ձեռնարկի կազմակերպման նպատակով կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը՝ ատենապետութեամբ Սթիւ Չելեպեանի, որ աշխատանքի լծուած է ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Խաղերու, հայկական համեղ ճաշերու եւ անուշեղէնի կողքին, մասնակիցները պիտի վայելեն նաեւ հայկական երգ ու երաժշտութիւն եւ խաղեր։ Նաեւ, կրպակներ պիտի ըլլան՝ զանազան ապրանքներ վաճառելու համար։
Մուտքը ազատ է:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 4950 W. Slauson Ave., Los Angeles, CA 90056։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 295-4588 թիւին: