ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պետական միջոցներու վատնումներու, իւրացումներու բազմաթիւ դէպքեր բացայայտուած են պետական կառավարման տարբեր ոլորտներու մէջ եւ յարուցուած քրէական գործերու թիւը հիմք կու տայ եզրակացնելու, որ չարաշահումները կրած են զանգուածային բնոյթ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի (ՔԿ) նախագահ Հայկ Գրիգորեան յայտնեց, որ մասնաւորապէս դպրոցներու, նախադպրոցական հաստատութիւններու եւ համալսարաններու մէջ կատարուած առերեւոյթ չարաշահումներու փաստով յարուցուած է 59 քրէական գործ, հիւանդանոցներու մէջ կատարուած չարաշահումներու փաստերով՝ 29, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու կամ ծառայողներու կողմէ կատարուած չարաշահումներով՝ 140, ընկերային ապահովութեան ծառայութեան եւ «Հայփոստ»ի աշխատակիցներու կողմէ կատարուած չարաշահումներով՝ 224 քրէական գործ, իսկ ապօրինի ծառահատումներով յարուցուած է շուրջ 170 քրէական գործ:
Քրէական գործեր յարուցուած են նաեւ ինքնաշարժներու զննութիւն իրականացնող 26 ընկերութիւններու կողմէ առերեւոյթ կատարուած իւրացումներու առթիւ:
ՔԿի նախագահը յայտնեց, որ հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկեն պետութեան պատճառուած վնասը վերականգնելու ուղղութեամբ:
Ներկայ դրութեամբ, կոմիտէի հաշիւին մէջ կայ 417 միլիոն դրամ, որ փոխանցուած է առերեւոյթ չարաշահումներ կատարած անձերու կողմէ՝ իբրեւ պատճառուած վնասի հատուցում:
Ընդհանուր առմամբ, վերականգնուած գումարը կը կազմէ առաւել՝ քան 1 միլիառ դրամ: