ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը 23 Օգոստոսին հաղորդեց, թէ Հայաստանի ճատրակի լաւագոյն վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձեալ հաւասարութեամբ աւարտած է Սէյնթ Լուիսի մէջ կայացող «Սինքուէֆիլտ» հեղինակաւոր մրցաշարքին մէջ իր 5րդ մրցումը:
Ան 5րդ հանգրուանին կը մրցէր աշխարհի նախկին ախոյեան Վիշի Անանտի դէմ: Մրցումին 36րդ շարժումին գերվարպետները համաձայնեցան կիսել կէտը:
Այժմ Արոնեան ունի 3 կէտ: Հայաստանի ներկայացուցիչին կողքին, նոյնքան կէտ ապահոված են Ֆապիանու Քարուանա, Շահրիար Մամետեարով, Ալեքսանտր Կրիշչուք եւ աշխարհի ներկայ ախոյեան Մակնուս Քարլսեն:
Ցարդ Արոնեան հաւասարութիւններ արձանագրած էր նաեւ Քարլսենի, Մամետեարովի եւ Քարուանայի դէմ, իսկ առաջին հանգրուանին պարտութեան մատնած է Սերկէյ Քարիաքինին։
Սէյնթ Լուիսի մրցաշարքը բաղկացած էր 9 հանգրուաններէ եւ պիտի աւարտի Օգոստոս 28ին: