ԵՐԵՒԱՆ.- Դիլիջանի քաղաքային զբօսայգին անճանաչելիօրէն փոխուած է: Նախապէս չխնամուելու հետեւանքով, սաղարթախիտ անտառի վերածուած այգին, այսօր արդէն ծառերով, կոկիկ նստարաններով եւ աղբամաններով, նոր խաղահրապարակով եւ ճեմուղիներով, արդիականացուած լուսաւորութեամբ նոր տեսք ունի:
Այգիի բարեկարգման աշխատանքները մեկնարկած էին Մայիս 2018ին, իսկ բացումը կատարուեցաւ 17 Օգոստոսին: «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IdeA) հիմնադրամի միջոցով այգիի բարեկարգման առաջին փուլին համար ներդրուած է շուրջ 150 հազար տոլար:
«IDeA հիմնադրամը Դիլիջանի մէջ կ՛իրականացնէ շարունակական եւ մեծածաւալ նախագիծեր, որոնց նպատակն է այս տարածաշրջանը դարձնել մշակութային, կրթական, առողջապահական եւ զբօսաշրջութեան առաջատար կեդրոն: Զբօսաշրջութեան տեղեկատուական կեդրոնի հիմնումը, ինչպէս նաեւ քաղաքային զբօսայգիի բարեկարգումը կը ստեղծեն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները, որպէսզի Դիլիջանը դառնայ Կովկասեան Տաւոս, ուր աշխարհի տարբեր երկիրներէ զբօսաշրջիկներու կ՛առաջարկուին բարձրակարգ ծառայութիւններ», այգիի բացման ընթացքին յայտնեց IDeA հիմնադրամի տնօրէն Րաֆֆի Պաղճեան:
Դիլիջանի քաղաքային այգիի մուտքին բացուած է նաեւ ճարտարապետական հետաքրքրական լուծումներով կառուցուած Տաւուշի մարզի առաջին Զբօսաշրջութեան տեղեկատուական կեդրոնը, որ կառուցուած է «Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն» ծրագիրի ծիրին մէջ: Ծրագիրը IDeA հիմնադրամը կ՛իրականացնէ Եւրոպական Միութեան, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան համաֆինանսաւորումով՝ համագործակցելով Դիլիջանի համայնքապետարանին եւ Դիլիջանի Ազգային պարկին հետ:
Կեդրոնը անվճար տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրէ Դիլիջան եւ տարածաշրջան այցելող զբօսաշրջիկներուն: Կեդրոնի գլխաւոր նպատակներէն է՝ բարձրացնել Դիլիջան Ազգային պարկին եւ յարակից բնակավայրերուն զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնը եւ դառնալ տարածաշրջանին մէջ զբօսաշրջութեան եւ հանգիստի ձեռնարկներու համակարգման գլխաւոր հարթակ: